Գիտաժողով. Արցախի Մէջ Պետականութեան Վերահաստատում (1917 Դեկտեմբեր – 1918 Յուլիս) Պատմագիտական Եւ Քաղաքագիտական Հայեցակէտեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/ԱՊՀ-300x225.jpg)
20 ապրիլ 2018-ին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Արցախի պետական համալսարանը կը կազմակերպեն գիտաժողով մը` նուիրուած Արցախի մէջ պետականութեան վերահաստատման գործընթացի 100-ամեակին:
1917 թուականի Փետրուարեան յեղափոխութենէն եւ մասնաւորաբար նոյն թուականի Հոկտեմբերի պետական յեղաշրջումէն ետք, նախկին ռուսական կայսրութեան տարածքին մէջ ստեղծուեցաւ քաղաքական անկայուն վիճակ: Նախկին իշխանութեան մարմինները դադրեցան աշխատելէ: Երկրի զանազան շրջաններուն մէջ զգալի էր իշխանութեան բացակայութիւնը:
Արցախի շրջաններուն մէջ առկայ էին յանցագործներու խմբակներ, որոնք անարգել կը թալանէին հայ բնակչութիւնը:
Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով, ՀՅԴ Ապառաժի կոմիտէն նպատակայարմար գտաւ կազմել լիազօր մարմին մը` մէկտեղելով աշխատող քաղաքական բոլոր ուժերու ջանքերը: 24 դեկտեմբեր 1917-ին Շուշիի մէջ կը ստեղծուի իշխանութեան այդ մարմինը, որ հետագային կոչուեցաւ Միջկուսակցական բիւրօ: Մարմինը օժտուած էր օրէնսդիր եւ գործադիր գործառնութիւններով:
Արցախահայութեան առաջին համագումարին ժամանակ (22-26 յուլիս 1918) նոր իշխանութեան ձեւաւորման ընթացքը իր տրամաբանական աւարտին հասաւ: Փաստօրէն, մինչեւ Ազրպէյճանի պետութեան յառաջացումը (մայիս 1918) արցախահայութիւնը սկսած էր վերահաստատել իր պետականութիւնը` ըլլալով տարածաշրջանային գործօն մը:
Այս պատմական փաստերը կը հերքեն արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ընթացքին Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին ներկայիս աշխուժօրէն շրջան ընող կարծիքները:
Գիտաժողովի Կայացման Պայմաններ
Գիտաժողովին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ 30 յունուար 2018 artsakh@hamazkayin.comհասցէով ուղարկել ամբողջացուած դիմումը: (Յաւելուած 1):
Զեկուցումներու ներկայացման վերջին ժամկէտն է` 20 փետրուար 2018: (Յաւելուած 2):
Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են հայերէնը, անգլերէնը եւ ռուսերէնը:
Զեկուցումները պիտի հրատարակուին ժողովածուով մը:
Յաւելուած
Ներկայացուելիք Զեկուցումներու
Պայմաններ
– Զեկուցումին ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 10 տպագիր էջը, թուղթի չափ` A4, լուսանցքները` 2 սմ բոլոր կողմերէն:
– Տառատեսակը հայերէնը` Sylfaen, անգլերէնը` Times New Roman:
– Տառաչափը` 12, միջտողային տարածութիւն` 1,5:
– Զեկուցումին սկիզբը կը գրուի հեղինակին անունը, մականունը (գլխագիրով), խորագիրը (գլխագիրով): Աւարտին կը նշուի հեղինակի գիտական աստիճանը եւ կոչումը, աշխատանքի վայրը, պաշտօնը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
– Յղումները կը նշուին տողատակին մէջ` աճման կարգով, տառաչափը` 10, կը նշուի աղբիւրի հեղինակը, խորագիրը, հատորը, հրատարակութեան վայրը, տարին (մամուլի պարագային նաեւ համարը) եւ էջը:
– Զեկուցումը կարելի է ներկայացնել հայերէնով, ռուսերէնով կամ անգլերէնով: Յօդուածը պէտք է ունենայ երկլեզու ամփոփում եւ բանալի բառեր: Ամփոփումները պէտք է բաղկացած ըլլան 50-60 բառերէ, իսկ բանալի բառերը` 5-10:
Գիտաժողովի
Կազմակերպական Կոմիտէ
Վալերի Աւանէսեան – Արցախի պետական համալսարան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, գիտական աշխատանքներու գծով փոխ տնօրէն
Արմինէ Առուստամեան – Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դեկան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ
Վարդգէս Սաֆարեան – Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի պետական համալսարանի աւագ դասախօս
Լեռնիկ Յովհաննիսեան – Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի աւագ դասախօս
Էդիկ Մինասեան ֊ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դեկան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր
Վիգէն Թիւֆէնքճեան – Գրականագէտ (Քանատա)
Սպարտակ Ղարաբաղցեան – Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի նախագահ (Հայաստան)
Գիտաժողովի կայացման վայր`
Արցախի պետական համալսարան
ք. Ստեփանակերտ, Մխիթար Գոշ փ #5:
Հարցերու համար դիմել
«Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակ
ք. Ստեփանակերտ, Կնունեանցների #17
ել հասցէ` artsakh@hamazkayin.com