Արժանթինի Սան Լուիս Նահանգին Մէջ Ապրիլ 24-ը Պիտի Նշուի Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/սան-լուիս.jpg)
Արժանթինի Սան Լուիս նահանգը ընդունած է օրէնք, որով Ապրիլ 24-ը կը հռչակուի իբրեւ «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդպիսով, Սան Լուիս դարձաւ Արժանթինի 20-րդ նահանգը, որ ընդունոց նման օրէնք:
Սան Լուիսի խորհրդարանը միաձայնօրէն քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող օրէնքի օգտին, իր համերաշխութիւնը յայտնած հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած` նահանգային մակարդակով իրականացնել յիշատակի ձեռնարկները:
Արժանթինի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Նիքոլաս Սապունճեան ողջունած է օրէնքի ընդունումը` նշելով, որ այդ օրէնքով վաւերցուած է այն համաձայնութիւնը, որ Հայկական հարցի նկատմամբ գոյութիւն ունի տարածաշրջանային, ազգային եւ դաշնային մակարդակի վրայ: