Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Ֆրանսա Եւ Զուիցերիա

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 23-էն դեկտեմբեր 2 աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նախարարը պիտի այցելէ Մարսէլի, Վալանսի, Լիոնի, Կրենոպլի, իսկ Զուիցերիոյ մէջ` Ժընեւի հայկական համայնքներ, հանդիպումներ կ’ունենայ կրթամշակութային, համահայկական, հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ, պարգեւներ պիտի յանձնէ համայնքային գործիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի  շարք մը ձեռնարկներու եւ յոբելենական տօնակատարութիւններու:

Այցի ծիրէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան պիտի հանդիպի նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Կեպէնեկեանին եւ Մարսէլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենին:

 

Scroll Up