Օգտաշատ Սեմինար՝ Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինին եւ հովանաւորութեամբ Շրջանային  վարչութեան, Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2013ին, ՀՕՄի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-սեմինար մը՝ նիւթ ունենալով «Նախապատրաստական ծրագիրներն ու պատրաստութիւնները՝ բնական աղէտներու ընթացքին»: Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ներկայացուցիչ Կարինէ Սէթեան-Բարիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդգծեց նիւթին կարեւորութիւնը մեր վարժարաններուն եւ աշակերտութեան ապահովութեան համար:

Բացման խօսք արտասանեց նաեւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ՀՕՄի գործունէութեան, յատկապէս՝ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշխատանքներուն եւ հայապահպանման գործին մէջ: Այս կարճ ներկայացումէն ետք, Մատարեան ներկայացուց օրուան հիւր-բանախօսուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի մասնագիտական եւ գործնական կենսագրականը՝ նշելով, թէ ան ներկայիս կը վարէ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը, կը դասաւանդէ UCLA համալսարանին մէջ, որպէս հանրային առողջապահութեան եւ աղէտի նախապատրաստական ծրագիրներու մշակման մասնագէտ. ան երկար տարիներ գործունեայ եղած է Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ:

Խօսք առաւ դոկտ. Դուրեանը, որ PowerPoint-ով ներկայացուց իր նիւթը՝ անդրադառնալով տարբեր աղէտներու, ըլլան անոնք բնական կամ մարդու ձեռքով յառաջացած, եւ յատկապէս այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիմակալել երկրաշարժի, հրդեհի կամ անակնկալ արգելափակման պարագաներուն: Այս օգատաշատ եւ հաղորդական գիտելիքներու փոխանցման ընդմէջէն, դոկտ. Դուրեան անդրադարձաւ գործնական միջոցներու եւ տարբեր պարագաներու՝ թոյլ տալով ներկաներուն, որ իրենց հարցումներուն միջոցաւ աւելի լաւ հասկնան գծուած եւ ներկայացուած ծրագիրները:

Զրուցավարը մէջբերեց տարբեր օրինակներ մեր առօրեայ կեանքէն եւ հարցումներ ուղղելով ներկաներուն՝ բացատրեց, թէ ի՞նչ միջոցներու կարելի է դիմել նշեալ իւրաքանչիւր պարագային:

Երկու ժամ տեւած այս ներկայացումը ներկաներուն փոխանցեց կարեւոր գիտելիքներ, որոնք գործնական եւ անմիջական կրնան դառնալ որեւէ պահ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու դասատուներ, մասնաճիւղի եւ յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Շրջանային վարչութեան եւ Խնամակալ մարմինի անդամներ:

Ներկաները լիցքաւորուած, տեղեկացուած ու գոհացած հեռացան կեդրոնէն, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով յարգելի դասախօսին եւ Խնամակալ մարմինի անդամներուն՝ նման շինիչ դասախօսութեան մը համար:

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

http://asbarez.com

Scroll Up