Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» Հատորի Շնորհահանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/papken-simonian_112117.jpg)
«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 134-րդ մամլոյ լսարանը, որուն ընթացքին Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Գարավարդանեան: Ան ըսաւ, որ Բաբգէն Սիմոնեան իր «Պատկերներ Լիբանանից» գիրքին մէջ անդրադարձած է 2013-ին Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն լիբանանահայ զանազան կառոյցներու պատասխանատուներու, մտաւորականներու եւ այլ դէմքերու հետ: Անոր գրութիւնները հայ կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ որոշ ներդրում ունին, ինչպէս մշակութային, գրական, ազգային, բարեսիրական եւ հոգեւոր բնագաւառներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Բաբգէն Սիմոնեանի ոճը պարզ ու հետաքրքրական է, եւ անոր գործերը մեծ կարեւորութիւն ունին յատկապէս սփիւռքահայ գաղութներու պատմագրութեան մէջ: Անոր գրութիւնները խորաթափանց են եւ մանրամասն, երբ կը խօսի իր ծանօթացած մէկ անձնաւորութեան մասին: Ս. Գարավարդանեան խօսքի աւարտին հաստատեց, որ Բաբգէն Սիմոնեան իր գրութիւններով ջերմութիւն եւ լոյս փոխանցեց երբեմնի երկաթեայ վարագոյրով փակուած սփիւռքը հայրենիքին կամրջող պատուհաններուն:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Բաբգէն Սիմոնեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ երբ 2013-ին եկած է Լիբանան, մտածած է, որ իր այցելութիւնը կ՛աւարտի ճամբորդական նոթերով, բայց երբ մնացած է մէկ շաբաթ, հասկցած է, որ անիկա ամբողջ գիրքի մը նիւթ է, որովհետեւ չի կրնար մարդ մը գալ եւ տեսնել լիբանանահայ գաղթօճախը, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ շատ բախտորոշ դեր կատարած է 1915 թուականէն ետք եւ ընդամէնը ուղեգրութիւն մը գրել:
Բաբգէն Սիմոնեան նշեց, որ աշխատած է այնպէս, որ իր տեսողութենէն ոչ մէկ բան վրիպի, փորձած է ո՛չ միայն զբօսաշրջիկի աչքով նայիլ երկրին, այլ փորձած է երկրին, տեսնել Հայաստանի լուսամուտէն եւ աւելի շատ բան նկատել: Ան յայտնեց, որ գիրքը մեր սրտի խօսքն է մեր մայր գաղթօճախին, ուր 1915 թուականէն ետք մեր տարաբախտ ժողովուրդի մէկ հատուածը արաբ ժողովուրդը սիրով ընդունած է: Հայերը իրենց տաղանդով եւ շնորհով հարստացուցած են Լիբանանի կեանքը, հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Ան խօսեցաւ նաեւ գիրքին մէջ տեղ գտած Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ անոր որդիին` Շահէնի մասին, ներկայացուց իր հանդիպումը Արշալոյս Աստուածատրեանի թոռան հարսին հետ: Ան ըսաւ, որ գիրքին աղը Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ իր հանդիպումն է, որ վերնագրած է «Կիլիկիոյ անմար կանթեղը»:
Խօսքի աւարտին Սիմոնեան ըսաւ, որ հիւպատոսական առաքելութիւնը, որ ան կ՛իրականացնէ, այնուամենայնիւ կ՛իրականացնէ մշակոյթի գծով, որովհետեւ մշակոյթի մարդը կրնայ ճիշդ ներկայացնել իր երկիրը: Իւրաքանչիւր վտանգուած ճակատագիր ունեցող ժողովուրդ աշխարհին պէտք է ներկայանայ իր մշակոյթով:
Խօսք առաւ Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ըսաւ, որ Բաբգէն Սիմոնեան հիմնականին մէջ բանաստեղծ է, եւ երբ բանաստեղծ մարդը գիրք կը գրէ եւ արձակով այդ գիրքը կը հրամցնէ, տեղ մը կ՛ակնկալուի, որ բանաստեղծի թռիչքը միջամտէ եւ առարկայական գիտելիքները ձեւափոխուած ձեւով ներկայացնէ ընթերցողին: Ան դիտել տուաւ, որ յատկանշականը գիրքին մէջ առարկայականութիւնն է, անկեղծութիւնը եւ մարդոց հանդէպ անսահման սէրը: Բաբգէն Սիմոնեանը յաջողած է պարզութեամբ գիրքը ներկայացնել առանց խրթնաբանութեան դիմելու, եւ գիրքին ընթերցումը հաճոյքէ աւելի բան մը կը ներկայացնէ ընթերցողին համար:
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Համօ Մոսքոֆեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան:
Աւարտին Բաբգէն Սիմոնեան մակագրեց իր գիրքերը բոլոր ներկաներուն: