Դեկտեմբեր 2-ին Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը Կը Դրուի Մայր Տաճարին ՄԷջ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ, 2015 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր: Այս տարի առաքեալներու տօնին` դեկտեմբեր 2-ին, Ս. Գեղարդը կը բերուի Մայր Տաճար եւ կը մնայ մինչեւ երեկոյ:

Սիրով կը հրաւիրենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մասնակցելու Հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնի առիթով մատուցուող սուրբ եւ անմահ Պատարագին եւ ստանալու հրաշագործ Ս. Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնը:

Ս. Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին:

 

 

Scroll Up