«Բերքառատ Արցախ». Սպասելիքներն ու Ցանկութիւնները Կախուած են Վաղուան Հեռուստամարաթոնէն
Վաղը` Նոյեմբեր 23-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ Հեռուստամարաթոնէն, որ կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը, Արցախի մէջ մեծ են սպասելիքները:
«Ջուրի խնդիրը յաճախ կը ստիպէ հազարաւոր հեքթար բերրի հողատարածքներ անմշակ ձգելու:
«Կամ վտանգի կը դիմենք, կը սպասենք, որ տարին բարենպաստ ըլլայ, անձրեւ տեղայ ու երբ յանկարծ ոչ մէկ կաթիլ… առաջ կու գան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց յաղթահարման համար մեզմէ մեծ աղբիւրներ կը պահանջուին»,- այս մասին «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ասկերանի շրջանի մէջ հողագործութեամբ զբաղող Արէն Խաչատրեանը:
Ան կը զբաղի այգեգործութեամբ, որու ծաւալները մեծ չեն: Բայց եթէ դրամահաւաքի արդիւնքով լուծուի ոռոգման ջուրի խնդիրը, անիկա նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ իրեն համար` այգիները մեծցնելու եւ աւելի շատ բերք արտադրելու:
Իսկ Մարտակերտի շրջանին մէջ հողի մշակութեամբ զբաղող Արամ Վերդեանը նշած է, որ Արցախը գիւղատնտեսական երկիր ըլլալով, դաշտավայրային տարածքներու մէջ ջուրի պակաս կայ:
«Գաղտնիք չէ, որ շատ երիտասարդներ գիւղատնտեսութեամբ չեն ցանկար զբաղիլ, քանի որ ջուր չկայ: Հող ունինք, գիւղտնտեսական սարքերու խնդիրը հիմնականօրէն լուծուած է, բերքի իրացման հետ կապուած եւս խնդիրներ չկան, բայց ջուրի բացակայութիւնը շատերը կը զրկէ ոլորտը զարգացնելու հնարաւորութենէն։ Իսկ ջուրի առկայութեան պարագային, գիղատնտեսութիւնը կը բաւարարէ ոչ միայն տեղական պահանջարկը, այլեւ բերքը կ’արտահանուի եւ լրացուցիչ եկամուտներու աղբիւր կը դառնայ»,- ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ Հեռուստամարաթոնէն մեծ սպասելիքներ ունի եւ համոզուած է, որ ջրարբիացման հետ միասին Արցախի մէջ կեանքի կենսամակարդակը շատ պիտի փոխուի:
«Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող Հեռուստամարաթոնի ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներուն մեծ մասը պիտի ուղղուի Արցախի մէջ ոռոգման համակարգերու կառուցման ու արդիականացման, եւ հիմնական աշխատանքները պիտի ծաւալին Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հատրութի շրջաններուն մէջ:
«Արցախփրես»-ի թղթակին հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ջրային համակարգերու շահագործման եւ պահպանութեան պետական տեսչութեան պետ Արմէն Ներսիսեանը ըսած է, որ ընտրուած են վերոնշեալ շրջանները, ուր ինքնահոս եւ այլ ոռոգման եղանակներ չունին:
«Ընտրուած շրջաններուն մէջ հողօգտագործողները հիմնականօրէն պիտի զբաղին բանջարեղէնի մշակութեամբ եւ այգեգործութեամբ: Իսկ այն հողօգտագործողները, որոնք ցանկութիւն ունենան օգտուելու կաթիլային ոռոգման համակարգէն, պետութեան կողմէ աջակցութիւն պիտի ստանան»,- ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ այս տարուան Հեռուստամարաթոնի թեման մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Արցախի մէջ, քանի որ շատ-շատերու մօտ արդէն հողի մշակութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի:
Տեղեկացնենք, որ, Հեռուստամարաթոնին ընդառաջ, արդէն կատարուած է առաջին մեծ նուիրատուութիւնը: Մասնաւորապէս` Նոյեմբեր 12-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գանատայի տեղական մարմնի կազմակերպած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին կատարուած է 530 հազար ԱՄՆ տոլարի հանգանակութիւն: