Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Հանդիպի Քոնկրեսական Սփիրի Հետ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ համակիրներ ու հովանաւորներ հանդիպում մը ունեցած են քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի հետ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող քոնկրեսականի գրասենեակին մէջ, քննարկելով Հայաստանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները։
Սփիր, որ ներկայիս համաատենապետն է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին, Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանէն է եւ տասնամեակներէ ի վեր մօտիկ յարաբերութիւններ ունի շրջանի հայութեան հետ։ Անոր մայրը՝ Նենսի Քանչելեան-Սփիր, միշտ հպարտ եղած է իր հայկական արմատներով։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան դրուատած է արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը պաշտպանելու քոնկրեսական Սփիրի կեցուածքները՝ յատկապէս մատնանշելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու պայքարին մէջ ցուցաբերած անոր նեցուկը, ինչպէս նաեւ Արցախի հզօրացման ի նպաստ եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները բարելաւելու գծով անոր ջանքերը։ «Մեզի համար պատիւ մըն է իրեն նման պաշտպան մը ունենալ Հայկական Հարցի պայքարին մէջ», աւելցուցած է Համբարեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցաւ Հայաստանին 140 միլիոն տոլարի կրթական աջակցութիւն ապահովելու, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտրական նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու, Արցախի ականազերծման յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու եւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ուղղակի թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնները։
Յիշեցնենք, թէ Սփիր 1978-ին վիրաւորուած էր Ճոնզթաունի մէջ, երբ կ՛ընկերանար քոնկրեսական Լիօ Ռայընին, որ միջնորդական առաքելութեամբ մը մեկնած էր հոն։ Ռայըն սպաննուեցաւ պատուիրակութեան վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին ընթացքին։ Ռայընի օգնականներէն մէկը հանդիսացող Սփիր 2008-ին ընտրուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ՝ ներկայացնելով Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 14-րդ ընտրատարածքը: