Բակօ Սահակեան Մասնակցած է «Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր»-ու Մեկնարկին Նուիրուած Հանդիսաւոր Ձեռնարկին

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 21-ին, այցելած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Վիլէորպան քաղաք եւ մասնակցած «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու մեկնարկին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Իր խօսքին մէջ Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ֆրանսան մեզի համար բարեկամ երկիր է, Ֆրանսայի ժողովուրդը` եղբայրական ժողովուրդ` աւելցնելով, որ նման ընկալումը կու գայ դարերու խորքէն եւ կ՝ապացուցուի յստակ օրինակներով:

«Ֆրանսան դարձաւ հարիւր հազարաւոր հայերու երկրորդ հայրենիքը, ուր անոնց համար ստեղծուեցան նպաստաւոր պայմաններ ինքնադրսեւորուելու, ազատ ու բարեկեցիկ կեանքով ապրելու: Եւ պատահական չէ, որ Ֆրանսայի հայերը տուած են տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող աշխարհահռչակ մարդոց ողջ համաստեղութիւն մը, որոնք հարստացուցած են ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ ֆրանսական ու համաշխարհային մշակոյթը, գիտութիւնը, մարմնակրթութիւնը եւ այլ ասպարէզներ»,- իր ելոյթին մէջ ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը:

Բակօ Սահակեան խորհրդանշական համարած է «Արցախի օրեր»-ուն պաշտօնական բացումը Վիլէորպանի մէջ, որ ունի մեծ հայ համայնք եւ ամուր կապեր Արցախի հետ:

Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախին նուիրուած ցուցահանդէսի լուսանկարներու հեղինակին եւ կազմակերպիչներուն` մեր երկիրը իւրովի ներկայացնելու համար, աւելցնելով որ աշխատանքը կատարուած է այնպիսի բարձր մակարդակով, որ անծանօթ մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու Արցախին, մեր բնութեան, պատմութեան, մշակոյթին, մարդոց ու անոնց ներաշխարհին` ցանկութիւն եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով ա՛նպայման այցելելու մեր հանրապետութիւն:

Ձեռնարկին ընթացքին նախագահ Սահակեանը «երախտագիտութիւն» մետալ յանձնեած է Վիլէորպանի քաղաքապետ Ժան Փոլ Պրեդին եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր ու քաղաքապետարանի ողջ անձնակազմին՝ իրենց կատարած աշխատանքին համար, որ կարեւոր է քաղաքական, բարոյական, իրաւական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ տեսանկիւններէ:

Երկրի ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմ յարաբերութիւները ժամանակի ընթացքին միմիայն պիտի ամրապնդուին, ընդլայնուին ու խորանան:

Scroll Up