Վանի Մէջ կը Հրաժարին Հայկական Գերեզմանոցին Վրայ Կառուցուած Լուացարանները Կազմաքանդել

Վանի նահանգի Արտամետի (Էտրեմիթ) քաղաքապետարանը կը հրաժարի կատարել Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշի յանձնարարութիւնը` կազմաքանդել հայկական գերեզմանոցին վրայ կառուցուած լուացարանները:

Մասնաւորապէս, քաղաքապետարանի` պետութեան կողմէ նշանակուած հոգաբարձու Աթըֆ Չիչէքլին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտարարած է, որ վերոնշեալ շինութիւնները պիտի չքանդուին` պնդելով որ այդ տարածքին մէջ հայկական գերեզմաններ չկան:

«Որեւէ կառոյց պիտի չքանդենք: Այստեղ հայկական գերեզմաննոց չկայ: Թեմային հետեւող բոլոր մարդոց կը յայտնեմ, որ բնութեան հրաշք հանդիսացող այս վայրը մենք աւելի պիտի գեղեցկացնենք»,- ըսած է Չիչէքլին:

Յիշեցնենք, որ Արտամետի քաղաքապետարանի հոգաբարձուին յանձնարարութեամբ՝ հասարակական լողափին մօտ գտնուող պատմական բլուրին եւ հայկական գերեզմաննոցին վրայ լուացարան եւ հանդերձարաններ կառուցուած են:

Իսկ օրեր առաջ՝ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշը յայտարարած էր, որ Վանի մէջ հայկական գերեզմաննոցին վրայ կառուցուած այդ կառոյցները պէտք է կազմաքանդուին:

Նշուած տարածքը նախապէս եղած է հայկական թաղամաս, որ յայտնի է իբրեւ հանրայայտ հայ նկարիչ Արշիլ Գորկիի ծննդավայր: Թաղամասին մօտ գտնուող հայկական գերեզմանատունը անարգուած է, կատարուած կառուցապատումներուն պատճառով՝ բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս ելած են հողէն եւ ինկած այս ու այն կողմ: Գերեզմաննոցն ու բլուրը չեն խուսափած նաեւ գանձախոյզներու ուշադրութենէն. վերջիններս անխնայ փորփրած ու աւերած են տարածքը:

Scroll Up