ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Ասուլիս

Նոյեմբեր 22-ին` ժամը 12:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի կ’ունենայ «Դուն ինչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս կայանալիք «Կարօտի կանչով հերոսներուս հետ» խորագիրով համերգին նուիրուած  ասուլիս (հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 6-րդ յարկ):

Ասուլիսի բանախօսներն են ամերիկաբնակ արուեստագէտ, «Տարօն» եւ «Կանթեղ» երգչախումբերու ղեկավար Գէորգ Չաքմանեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային, մարմնամարզութեան եւ երիտասարդական ծրագիրներու բաժինի պետ Գրետա Մնացականեան:

Նոյեմբեր 24-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ կայանալիք համերգը մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գէորգ Չաքմանեան կը նուիրէ արցախեան պատերազմի բոլոր ժամանակներու զոհերու ծնողներուն:

 

Scroll Up