Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի Ֆոնեթոնը

Նոյեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յունաստանի տեղական մարմնի տարեկան դրամահաւաքը, կը հաղորդէ “Ազատ օր”-ը։
Նուիրահաւաքի կազմակերպման գործին մասնակցեցան կամաւորներ գաղութի մէջ գործող միութիւններէն, որոնք “Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի վարչականներուն հետ միասին, համախմբուեցան ICAP ընկերութեան հեռաձայնային կեդրոնին մէջ:
Յունահայութիւնը անգամ մը եւս յաղթահարելով երկիրը հարուածած տնտեսական ճգնաժամը, իր ջանքերը միացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաշխարհային ծրագիրին:
Ցարդ հաւաքուած գումարը 17.523 եւրօ է եւ կը շարունակուի հեռաձայնելով Հիմնադրամի վարչութեան անդամներուն։
Այս տարուան Ֆոնեթոնէն հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի «Խորքային հորերու հորատման» ծրագիրին: