Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Դպրոցները Կը Պայքարին Իրենց Գործունէութիւնը Շարունակելու Համար․ «Հուրիէթ»

Թուրքիոյ մէջ 1920-ական թուականներուն գործող, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող 138 դպրոցէն այսօր մնացած են միայն 24-ը: Թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը անդրադարձած է երկրին մէջ գործող ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցներու վիճակին եւ արձանագրած, որ անոնցմէ շատերը այսօր փակման վտանգի առջեւ են:
Ըստ պարբերկանին` դպրոցներէն շատերը, որոնք կը գոյատեւեն միայն նուիրատուութիւններու հաշուին, եթէ այլ ֆինանսաւորում չունենան եւ «շահ չհետապնդող կազմակերպութեան» կարգավիճակ չստանան, ապա կը փակուին:
Յօդուածին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են այս ոլորտին մէջ իրենց առջեւ կանգնած դժուարութիւնները:
Հայկական Դադեան դպրոցի նախկին հիմնադիր խորհուրդի անդամ Արսէն Արշըք, ներկայացնելով Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական դպրոցներու վիճակը, ըսած է.
«Այսօր Թուրքիոյ մէջ կայ մօտ 60 հազար հայ: Եթէ 1950-ական թուականներու վերջերը մենք ունէինք 25 դպրոց եւ 9 հազար աշակերտ, ապա այսօր ունինք 16 դպրոց եւ 3 հազար աշակերտ: Երկրին մէջ կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները բացասականօրէն ազդած են նաեւ մեր դպրոցներուն վրայ: Քանի որ աւագ դպրոցներ ու համալսարաններ ընդունուելու համար քննութիւնները տեղի կ՛ունենան կեդրոնացուած համակարգով, ծնողները կը ցանկան, որ նույնիսկ բնագիտութեան ու ուսողութեան եւ նման առարկաները եւս դասաւանդուին թրքերէնով, թէեւ մենք իրաւունք ունինք ատոնք ուսուցանելու հայերէնով»:
Արսէն Արշըք աւելցուցած է, որ դպրոցներու միակ ֆիանսաւորումը նուիրատուութիւններն են, որոնք հազիւհազ կը փակեն ծախսերը: