Լիբանանի Հայ Աւետ. Կրթական Խորհուրդի Գնահատանքի Երեկոյ

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ կրթական 2017-2018 տարեշրջանին, Լիբանանի Աւետարանական հինգ վարժարանները իրենց դռները ուրախութեամբ բացին, ընդունելու համար շուրջ 1040 աշակերտ-աշակերտուհիներ:

Ըստ տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան Կրթական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, գնահատանքի արժանացան նախորդ տարեշրջանի պետական Պրէվէի եւ Պաքալորիայի քննութիւններուն յիշատակութեամբ յաջողած 22 աշակերտներ: Այս առթիւ, Ուրբաթ 3 Նոյեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Հայ Աւետ. Կ.Բ.Վ. Յիշատակի սրահին մէջ հաւաքուած էին հովիւներ, կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր եւ աշակերտներ զիրար շնորհաւորելու տարեվերջի յաջող բերքին համար:

Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի ատենապետուհի Դոկտ. Արտա Էքմէքճի կատարեց բացման խօսքը, շեշտելով նման քաջալերական ձեռնարկներու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Ապա, շնորհաւորեց կրթական պատասխանատուները, տնօրէնները եւ ծնողները իրենց նուիրումին եւ ծառայութեան համար իսկ ամենէն մեծ փառքը կ՛երթայ Աստուծոյ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր. Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Տէյիրմենճեանին, հիւրընկալութեան եւ հիւրասիրութեան համար, նաեւ յայտագրին մասնակիցներուն:

Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան գոհաբանական աղօթքով փառք տուաւ Աստուծոյ այս հունձքին համար: Վերապատուելին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց աշակերտներուն՝ ապագային իրենց առնելիք քայլերուն համար: Աղօթքին յաջորդեց Կարին Տեմիրճեանի (ջութակ) եւ Այգ Արզումանեանի (դաշնամուր) նուագը՝ Սոնատ (Պեթհովէն), իսկ Նանար Մինասեան ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Մեր Եկեղեցին»:

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը՝ Հայ Աւետ. Կ.Բ.Վ. տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Տէյիրմենճեան: Ան իր Խօսքին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը մանկավարժական տեսակէտներու եւ օրինակներով աշակերտներուն թելադրեց ըլլալ համբերող, խմբային աշխատանքի ատակ, արդար յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար: Խօսքէն ետք Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր. Վարժարանի աշակերտական նուագախումբը՝ բաղկացած Քրիսթ Քիրէճեան (դաշնամուր), Ճորճ Սահիլի (թմբուկ), Ռաիսա-Ռոզ Չաքմաքեան (կիթառ), նուագեցին «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Հայորդիք» եղանակները:

Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի գործավար Տիկ. Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերեճեան շնորհաւորեց աշակերտ-աշակերտուհիները, եւ կարդաց յիշատակութեան արժանացածներուն անունները: Յիշուեցաւ նաեւ այն աշակերտներուն անունները, որոնք երկրէն դուրս կը գտնուին բարձրագոյն ուսում ստանալու համար:

Ապա բեմ հրաւիրեց Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը, եւ Լիբանանի Կրթական Խորհուրդի ատենապետուհին Դոկտ. Արտա Էքմէքճին, որոնք 22 աշակերտներուն յանձնեցին յուշատախտակներ:

Յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտին Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահը Առաքելական Օրհնութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կարելի ըրած էր մեր վարժարաններուն կրթական այս յաջողութիւնը արձանագրել: Ան յատկապէս շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները եւ տնօրէնները:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, հիւրասիրութիւն, ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ:

 

Scroll Up