Մոսկուայի ՄԷջ Պիտի Կայանայ «Ծաղկազարդ» Խումբի Համերգը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/ծաղկազարդ.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան աջակցութեամբ Մոսկուայի մէջ նոյեմբեր 23-ին, ժամը` 18:30-ին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի «Սուրբ Պայծառակերպութիւն Մայր տաճարի հանդիսութիւններու սրահին մէջ պիտի կայանայ «Ծաղկազարդ» խումբի համերգը (գեղարուեստական ղեկավար` Լիլիթ Գրիգորեան):
Ինչպէս կը հաղորդէ«Հայերն այսօր»-ը, համերգը նուիրուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300-ամեակին:
Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են հոգեւոր, դասական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններ: Երեկոյի ընթացքին կը հնչեն Կոմիտասի, Սայաթ-Նովայի, Բաբաջանեանի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Արարատեան Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» խումբը 2017 թուականին կը նշէ հիմնադրման 10-ամեակը: Շնորհիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեան` «Ծաղկազարդ» խումբին կը ճանչնայ ոչ միայն հայաստանեան, այլեւ սփիւռքեան ունկնդիրը: Մասնակցելով հայ համայնքի համար կազմակերպուող ձեռնարկներուն` խումբը ամէնուր կը տարածէ հայ երգը եւ կը փորձէ քիչ մը «մեղմել»հայ երգի կարօտը: Անցնող տարիներուն ընթացքին խումբը համերգներով շրջագայած է Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրալիոյ, Գերմանիոյ, Յորդանանի, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: