Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 123-ամեակի Նշում Մոնրէալի Մէջ

Այս տարուան ՀՅԴ-ի 123-ամեակի տօնակատարութիւնը նուիրուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին ու Արցախի մէջ կռուած ու նահատակուած հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի մահուան 20-ամեակին:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» (Մոնրէալ), «Սարգիս Զէյթլեան» (Լաւալ) կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ, շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Նաթան արք. Յովհաննիսեան` առաջնորդական տեղապահ քանատահայոց թեմի, Նարեկ արք. Ալեմեզեան` պատասխանատու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց, Մոնրէալի քաղաքապետարանի վարչութեան փոխ նախագահ Յարութ Շիթիլեան, հոգեւոր հայրեր, Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու, Հայ դատի յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ ուղեկից եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ընկերներու, համակիրներու ու հանդիսատեսներու խուռներամ բազմութիւն մը, ուր երիտասարդութեան թիւն ալ աչքառու էր:

Հանդիսավար Միրնա Ֆուտուլեան հրաւիրեց ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան «Դրօ» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերուն պատանիները, որ կատարեն ազգային քայլերգները:

Կոմիտէներու եւ ուսանողական միութեան վարչութեան խօսքը ներկայացուց Զարեհ Տերվիշեան: Ան նշեց, Ռուբէն Զարդարեանի բառերով, որ Դաշնակցութեան հիմնադիրները վառեցին հայ ազատագրութեան պայքարի խարոյկը, ապա ծանրացաւ հայրենիք-սփիւռք` միասնական ուժերով, որպէս մէկ ամբողջութիւն Հայ դատին տէր կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ, այդ վառած խարոյկը մշտաբորբոք ու ա՛լ աւելի կատաղօրէն վառ պահելու համար:

Սիամանթոյի «Զաւարեանի հոգին» ասմունքեց Անայիս Պաղտասարեան: Կորիւն Գոյունեան դաշնամուրով մեկնաբանեց Տիգրան Չուխաճեանի «Պար»` Կարինէ օփերեթէն եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Իլիկներով պար»-ը:

Ներկայացուեցան երկու տեսերիզներ, որոնք ցոյց կու տային իրենց կեանքն ու գործունէութեան կարեւոր դրուագները, «Աշխարհիկ սուրբը` Սիմոն Զաւարեան», պատրաստուած Պէյրութ, «Վանայ ձայն»-ին կողմէ, 2004-ին, եւ «Խոնարհ հերոսներ` Մհեր Ջուլհաճեան», հեղինակ` Սամուէլ Թադեւոսեան, Երեւան, 2000:

Օրուան պատգամը փոխանցեց  Մհեր Գարագաշեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Զաւարեան մարդն ու դաշնակցականը, անոր արժանիքներն ու ձգած տպաւորութիւնները ժամանակակիցներուն վրայ, անոր գաղափարներուն տեւական այժմէականութիւնը մինչեւ օրս, անոր անձին եզակի կերպարը, որուն հետեւելու ենք մենք` իր յետնորդներս: Ան անդրադարձաւ նաեւ Զաւարեանի մերօրեայ ժառանգորդներէն Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին եւ նահատակութեան` Արցախի ճակատներուն վրայ: Իր խօսքի աւարտին բանախօս ընկերը իր խօսքը աւարտեց հարցադրումներով` մեր այսօրուան մարտահրաւէրները պատուով ու համահայկական առումով դիմագրաւելու մասին, միշտ Զաւարեանի ոգիով եւ իմաստութեամբ:

Ապա կատարուեցաւ ՀՅԴ ՔՊՄ-էն ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան շարքերը փոխանցման արարողութիւն` Արարատ Թորոսեանի կնքահայրութեամբ:

123-ամեակի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ պատանիներու կատարողութեամբ «Քեզի յարգանք ու մեծարանք» երգով եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգով, որուն միացաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը: Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ խրախճանքով, ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ` առաջնորդութեամբ երգիչներ Քրիստափոր Արապեանի եւ Գէորգ Արթինեանի:

Ն. Ա.        

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up