Սթամպուլի ՄԷջ Թրքերէնով Հրատարակուած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Քահանայի Օրագիրը
Սթամպուլի մէջ թրքերէն լեզուով հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայ Ներսէս Պապայեանի յիշողութիւններու օրագիրը, որ գիրքի տեսքով լոյս ընծայուած է Այնթապի հայերու պատմութեան ուսումնասիրմամբ զբաղուող թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրտի եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատան կողմէ»: Այս մասին կը գրէ «Ակօս» պարբերականը:
«Այնթապ 1915-1922» աշխատութեան մէջ քահանայ Պապայեան կը պատմէ հայերու անհիմն ձերբակալութիւններու, հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուող խմբակային յարձակումներու, տեղի հայութեան վերապրած կոտորածներու ու բռնի աքսորի մասին:
Գիրքի մէկ այլ կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ մինչեւ 1922 թուական այստեղ ապրած հայ քահանան լոյս կը սփռէ 1918 թուականին Այնթապ վերադարձող հայերու ու քաղաքը ֆրանսական զօրքին կողմէ գրաւուելէ ետք ինքնակազմակերպուելով թրքական բանակին դէմ մղած պայքարին վրայ:
Ումիթ Քուրթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստի վրայ, որ թէեւ ֆրանսական զօրքի` Այնթապ մտնելէ ետք հայերը փորձած են մղուող պատերազմին պահպանել համեմատաբար չէզոք դիրք, սակայն ի վերջոյ լուրջ աջակցութիւն ցուցաբերած են ֆրանսացիներուն, եւ հէնց անոնց շնորհիւ ֆրանսական բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել Այնթապի զգալի մասը, թէեւ տեղի հայերու` ֆրանսացիներէն ունեցած յետագայ սպասումները այստեղ այդպէս ալ չարդարացան: