Հայոց Ցեղասպանութեան Հարաւային Ափրիկեան Արձագանգներու Մասին Հազուագիւտ Փաստաթուղթ Մը Յայտնաբերուած Է

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքչական աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած է հազուագիւտ փաստաթուղթ մը, որ կը վայէ 1921-ին Հարաւային Ափրիկէի ցեղախումբերէն մէկուն կողմէ հայ որբերուն օգնութիւն ցուցաբերելու երեւոյթին մասին: Հարաւային Ափրիկէի Անկախ եկեղեցւոյ պատուելիներէն մէկը իր կարիքաւոր վիճակի մէջ գտնուող շուրջ երկու հարիւր յիսուն մարդոցմէ բաղկացած համայնքին անունով հանգանականութիւն կատարած է յօգուտ թրքական բարբարոսութիւններէն տուժած հայերու:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքէջը նշելէ ետք, որ յայտնաբերուած փաստաթուղթը կը նուիրուի Նելսըն Մանտելայի յիշատակին, կը հաղորդէ, որ «մօտիկ անցեալին ափրիկեան ցեղախումբ մը ճանչցած է քրիստոնէութիւնը եւ ընդունած քրիստոնէական գաղափարներն ու նպատակները: Թէ ինչպէս անոնք իմացան Միջին Արեւելքի մէջ իրենց քրիստոնեայ եղբայրներու կարիքներուն մասին, յստակ չէ, սակայն անոնք եկան այն գիտակցութեան եւ այդ ոգիով հանգանակութիւն կատարեցին «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց»-ին` սովեալ հայերուն սնունդ ապահովելու համար:

«Հանգանակուած գումարը ճանապարհորդութեան ընթացքին ոչ միայն չարժեզրկուեցաւ, այլ նաեւ դարձաւ աւելի օգտակար:

«Հարաւային Ափրիկէի անկախ եկեղեցւոյ պատուելի Ժ.Տ.Մպենքօ-Նիանկի ուղարկած է լուսանկար մը: Ան ունի շուրջ երկու հարիւր յիսուն հետեւորդ: Լուսանկարի տղամարդիկը այն միաբանութենէն են, որոնց ան խրախուսած եւ օգնած է յաղթահարել տեսախցիկի առջեւ կանգնելու սնահաւատութիւնը: Լուսանկարի առաջին երկու շարքին «կարմիր» հետեւորդներն են, որոնք իրենք զիրենք կաւաքարով կը ներկեն եւ դէպի գիւղ կ՛երթան մերկ մարմինով: Ետեւը գտնուողները, որոնք կը կրեն բաճկոններ ու մանեակներ, աւելի քաղաքակիրթ չէին, քան իրենց քոյրերն ու եղբայրները երկու տարի առաջ:

«Անկախ անոնց քաղաքակրթութենէն, քրիստոնէական բարեգործութիւնը անոնց սրտին մէջ էր, ինչ որ փրկեց իրենց քրիստոնեայ եղբայրները: Անոնց բարեգործութիւնը արժանի է երախտագիտութեան»:

«Ազդակ»

Scroll Up