Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Օծման 54-րդ Տարեդարձի Նշում
Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ օծման 54րդ տարեդարձին առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Նոյեմբեր 5-ին Ս. պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Նահատակաց ե-կեղեցւոյ մէջ։ Ս. սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Սրբազանը իր պատգամին մէջ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծխական համայնքին ու Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան, որոնք «Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն»։ Առաջնորդը նաեւ ողջունեց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհին, ուսուցիչներն ու աշակերտները, որոնց ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Իբրեւ մեր ապագայ առաջնորդները՝ դուք պէտք է գիտակցի՛ք այն գուրգուրանքին, դաստիարակութեան ու զոհողութեան, որոնք կը տրամադրուին ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ մեր հաւաքական կեանքի նուիրեալներուն կողմէ»։
Խօսելով եկեղեցւոյ տարեդարձի տօնակատարութեան մասին՝ սրբազանը շեշտեց, որ ամեակներն ու տարեդարձները առիթներ են յիշելու այն սերունդը, որ նպաստած է եկեղեցւոյ կառուցման։ «Անոնց ցանած սերմերուն արգասիքը պէտք է վերանորոգութեան խթան հանդիսանայ բոլորիս համար», շեշտեց ան՝ նշելով, որ նախորդ օրը «Ամենայն Սրբոց» տօնն էր, եւ որ այս եկեղեցին կոչուած է մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին, իբրեւ ոգեշնչման աղբիւր, իսկ «Ամենայն Սրբոց» տօնը յիշատակի տուրք է յայտնի եւ անյայտ սուրբերուն հանդէպ։ Սրբազանը մաղթեց, որ այս տօնը ըլլայ Աստուծոյ խօսքին անսալու եւ սիրով ու հաւատարմութեամբ ծառայելու նոր հրաւէր։
Իր պատգամի աւարտին, առաջնորդը ներկաները յորդորեց, որ բոլոր սուրբերուն եւ մանաւանդ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ ու մեր հայրենիքի սիրով նահատակուած սուրբերուն եւ հերոսներուն օրինակով տոգորուած՝ վերանորոգեն իրենց կեանքը։
Այնուհետեւ, առաջնորդը անգամ մը եւս օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, եւ աղօթք բարձրացուց եկեղեցւոյ այժմու սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ անոնց քայլերը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր՝ ծխական համայնքը եպիսկոպոսական պատարագով պատուած ըլլալուն եւ համայնքին ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հանդէպ տածած սիրոյն եւ հոգածութեան համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղի բարերարներուն։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ հիմնադիրներուն, հոգեւոր հովիւներուն, ծխականներուն, բարերարներուն եւ ծառայասէր ու հաւատաւոր հայորդիներու հոգիներուն համար։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: