Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմի Բեմադրիչը Չկրցաւ Թուրքերը Ստիպել Խօսիլ Տեսախցիկին Առջեւ. Variety
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/default-300x225.jpg)
Variety ամերիկեան ամսագիրը ներկայացուցած է «Աւերելու մտադրութիւն» ֆիլմի բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրի հետ հարցազրոյցը:
Ըստ News.am-ի՝ պարբերականը մէջբերած է Պերլինկըրի բառերը, որ կ՝ըսէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կը շարունակուի աւելի քան 100 տարի վիճարկուիլ:
Ատոր վառ օրինակը այն է, որ Պերլինկըր չէ կրղցած թուրք պաշտօնեան համոզել ելոյթ ունենալ տեսախցիկին առջեւ, քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չ՝ընդունիր 1915-ի Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան նաեւ ճնշում կը գործադրէ իր առանցքային դաշնակից ԱՄՆ-ի վրայ, որուն կառավարութիւնը նոյնպէս չի ճանչնար Ցեղասպանութեան փաստը:
«Ես պիտի ուզէի ըսել, որ ես այնքան հեռատես էի, որ վաւերագրական ֆիլմի նկարահանումները սկսելու ժամանակ կը հասկնայի, թէ որքան արդիական եւ կարեւոր է այդ թեման այսօր»,- ըսած է Պերլինկըր:
Ֆիլմին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը հիւսուի բեմադրիչ Թերրի Ճորճի «Խոստում» ֆիլմին մէջ ներկայացուած պատմութեան հետ: Պերլինկըրի խօսքով` «Խոստում» ֆիլմը բացասական արձագանգներ կը ստանար համացանցի մէջ դեռ հրապարակ իջնելէն առաջ:
Բեմադրիչը նաեւ կ՝ընդգծէ, որ հոլիվուտեան արուեստանոցները 1930-ականներուն արդէն փորձած էին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ նկարահանել, սակայն Թուրքիան հասկցուցած էր, որ անոնց գործունէութիւնը կ’արգելուի, եթէ դիմեն այդ քայլին: Պերլինկըր կը նշէ, որ ճշմարտութեան մասին լռելը եւ «գորգի տակ թաքցնելը» իրական նախազգուշացում է, թէ ինչի կրնայ ատիկա յանգեցնել: