«Լաւաշ»․ ԱՄՆ-ի ՄԷջ Կը Հրատարակուի Հայկական Խոհանոցին Նուիրուած Գիրք
ԱՄՆ-ի հեղինակաւոր Chronicle Books հրատարակչութիւնը պիտի տպագրէ Հայաստանի եւ Արցախի խոհանոցին նուիրուած «Լաւաշ» խոհարարական գիրքը: Գիրքի նախաձեռնողներ եւ հեղինակներ` ԱՄՆ-էն մրցանակակիր գրող Քէյթ Լիհին, խորտկարարութեան լուսանկարիչ Ճոն Լին եւ շէֆ խոհարար Արա Զատան ժամանած են Հայաստան: Անոնք սկսած են գիրքի առաջին փուլի ուսումնասիրութիւնները` մեկնելով երկրի տարբեր մարզեր` գտնելու հայկական խոհանոցի ուտեստներու պատրաստման աւանդական ձեւերը:
Գիրքի հեղինակներէն լուսանկարիչ Ճոն Լին նախապէս վարած է գաստրոնոմիկ լուսանկարչութեան աշխատարանը Երեւանի Թումոյի մէջ, իսկ Արա Զատան խոհարարական աշխատարանը` Թումոյի նոր նախագիծ Թումօ արհեստանոցներուն մէջ: Գիրքի նկարահանման եւ ուսումնասիրութիւններու ամբողջ ընթացքին խումբին հետ պիտի աշխատին, անոնց պիտի օգնեն եւ անոնցմէ պիտի սորվին Թումոյի խումբ մը ուսանողներ:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի խոհանոցը` նախուտեստներէն ու հիմնական ուտեստներէն մինչեւ աղանդեր: Հիմնական շեշտը պիտի դրուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին ներառուած լաւաշի վրայ, որ հայկական խոհանոցի խորհրդանիշներէն մէկն է, կը յայտնէ Թումոյի մամուլի ծառայութիւնը: