ՀՀ Աժ-ը Ամբողջութեամբ Ընդունեց «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/զինվոր-1.jpg)
ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի նախագիծը:
Նախագծիը կողմ քուէարկեց 86, դէմ` 6 պատգմաւոր:
Քուէարկութենէն առաջ դէմ քուէարկելու մասին յայտարարեց «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան: ՀՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն ու «Ծառուկեան» դաշինքը կողմ քուէարկեցին նախագիծին:
Պարտադիր զինուորական ծառայութենէն տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած են գիտական աստիճան ունենալու հիմքով պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատուելու իրաւունքը միաժամանակ մինչեւ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը ասպիրանտուրա ուսանելու կապակցութեամբ արդէն իսկ տարկէտի մէջ ստացած անձանց համար կը պահպանուի նշուած իրաւունքը մինչեւ 2020թ. դեկտեմբեր 31:
Տարկէտման հիմքերու ցանկէն հանուած է ուսումը շարունակելու համար տարկէտման իրաւունքը , որ փոխարինուած է նպատակային ուսման համար տարկէտման իրաւունքով` ի դէմս պաքալաւրի, վկայուած մասնագէտի կամ ներգաւուած կրթական ծրագիրով առկայ ուսուցմամբ ուսանող եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պայմանագիր կնքած այն անձանց, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան ուսումնառութեան ընթացքին անցնիլ ռազմական պատրաստութեան, իսկ ուսման աւարտէն ետք պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կը կնքեն պայմանագրային սպայական ծառայութեան անցնելու պայմանագիր` երեք տարի ժամկէտով պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ նշուած վայրին մէջ եւ պայմաններով: «Մանրամասները կը սահմանուին կառավարութեան կողմէ սահմանուած ենթաօրէնսդրական գործեով:
Թափանցիկութեան, արդարութեան ապահովման եւ հնարաւոր վտանգներէ խուսափելու նպատակով ծաւալուն փոփոխութիւններ նախատեսուած են զօրակոչի ենթակայ անձանց եւ զինծառայողներու առողջական վիճակի հետազօտման եւ բժշկական փորձաքննութեան գործընթացին մէջ, որուն ծիրէն ներս հետազօտութեան եւ փորձաքննութեան կարգերը, զինուորական ծառայութեան հետ կապուած խնդիրներ յառաջացնող հիւանդութիւններու ցանկը պիտի սահմանէ կառավարութեան որոշմամբ: