Նիւ Եորքցի Հայ Երիտասարդը

Ռոպէր Հատտէճեան կը գրէ.

Խմբագրատան ընկերները վարէն հեռաձայնով յայտնեցին, որ ամերիկահայ երիտասարդ մը այցելութեան եկած էր եւ կ՛ուզէր զիս տեսնել: Նիւ Եորքէն: Կրնայի՞ զինքը ընդունիլ:

– Թող հրամէ,- ըսի:

Երկու վայրկեան վերջ սենեակէս ներս առաջնորդեցին հազիւ քսան-քսան մէկ տարեկան երիտասարդ մը` բարձրահասակ, սուր ու հեգնական նայուածքով, ճինզ տաբատով եւ երկու ականջներուն վրայ մէկմէկ օղ դրած:

Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ յանկարծ յոռի տպաւորութիւն գործեց վրաս, զղջացի այս երիտասարդը ընդունելուս համար: Հաւանաբար երկու օղերն էին, որ ժխտական տպաւորութիւն գործած էին իմ վրայ: Երիտաարդը սուր ժպիտով մօտեցաւ ու առանց բառ արտասանելու` ձեռքս սեղմեց:

– Հայերէն կը խօսի՞ք,- հարցուցի, հարցում մը, զոր քիչերուն կ՛ուղղեմ:

Երիտասարդը նոյն ժպիտով ու քաղաքավար հաստատումով մը պատասխանեց.

– Հարկաւ, ինչո՞ւ պիտի չխօսինք:

Հանգստացայ:

Կեանքիս մէջ թերեւս առաջին անգամ էր, որ կը խօսէի հայ երիտասարդի մը հետ, որուն ականջներուն վրայ մէկմէկ օղ կար: Շուտով անդրադարձայ, որ նիւեորքցի մեր երիտասարդը շատ լաւ ու շատ սահուն կերպով կը խօսէր հայերէնը, քաղաքավար ու հասուն տղայ մըն էր, իր խօսքերը կշիռ ու տպաւորիչ շեշտ մը ունէին: Զգացի, որ այս երիտասարդը հետզհետէ կը գրաւէր զիս, համակրանքի ալիքով մը կը կապուէի անոր:

– Մայրս պատուիրեց, որ Պոլսոյ մէջ անպայման ձեր մօտ գամ, ձեզի յարգանք յայտնեմ ու ձեզի հետ ծանօթանամ,- ըսաւ, երբ ան խօսքի սկսաւ:

Մօրը անունը հարցուցի, տուաւ: Չէի ճանչնար այդ անունը:

– Ձեր մայրը պոլսեցի՞ է,- հարցուցի ակամայ:

– Ո՛չ,- պատասխանեց,- մենք Հայաստանէն արտագաղթած ենք: Ես չորս տարեկան էի, երբ ծնողներս Ամերիկա գաղթեցին: Բայց մայրս սփիւռքի մամուլին լաւ կը հետեւի ու ձեզ լաւ կը ճանչնայ, ուստի ուզեց, որ անպայման ծանօթանամ ձեզի հետ: Մայրս շարունակ հայերէն կը կարդայ: Մեր մանկութեան շրջանին, ամէն իրիկուն մեզ իր շուրջ կը հաւաքէր ու մեզի հայերէն կը կարդար:

Ահաւասիկ երիտասարդ մը եւս, որ օտար ափերու վրայ շատ բան առած էր իր ծնողքէն, մտածեցի: Սրտիս մէջ ջերմութիւն մը, երախտապարտութեան զգացում մը ծնունդ առաւ այդ անծանօթ կնոջ նկատմամբ, որ այս արդիապաշտ հայ երիտասարդին հոգիին խորը ողջ պահած էր մայրենի լեզուի ու արմատներու նկատմամբ սէրն ու յարգանքը: Հիմա այլեւս չէի տեսներ երիտասարդին ականջներուն օղերը, ընդհակառա՛կը, շատ համակրելի կը գտնէի զինքը եւ` հաղորդական:

– Մենք Նիւ Եորքի մէջ ինքնաշարժի պահեստի կտորներ կը վաճառենք., ըսաւ երիտասարդը:- Բայց ես համալսարանի մէջ փիլիսոփայութիւն ուսած եմ: Հայրս պայման դրած էր, որ համալսարանը աւարտեմ: Նախ զարգացիր, ապա եթէ կ՛ուզես փողոցը պանիր ծախէ, կ՛ըսէր ինծի: Ես ալ համալսարանը աւարտեցի:

– Ուրեմն պաշտօնակից կը նկատուինք,- պատասխանեցի ժպտելով,- քանի որ ես ալ փիլիսոփայութիւն ուսանած եմ համալսարանին մէջ:

Երիտասարդին աչքերը փայլեցան, գոհունակութիւն արտայայտեց: Այնուհետեւ մեր խօսակցութիւնը հուն փոխեց, ու սկսանք խօսակցիլ հայկական նիւթերու շուրջ: Յայտնուեցաւ, որ ան վերջերս գացած էր նաեւ Հայաստան ու մեծապէս տառապած էր տեսնելով, որ դիմացը ելլողը, բարեւ տուողը արտագաղթի մասին կը մտածէր: Այս պարագան շատ յուզած էր զինքը:

– Բայց չէի կրնար մեղադրել,- շարունակեց մեր հիւրը: – Մենք ալ արտագաղթած մարդիկ էինք: Երկրին մէջ պայմանները դիւրին չէին: Ցաւալի, շա՛տ ցաւալի է, ո՞վ տէր պիտի կանգնի հայրենիքին:

Յետոյ կարծիքներ արտայայտեց երկրին ապագային մասին, եւ տեսայ, որ այս երիտասարդը շատ առողջ գաղափարներ ունէր:

Աստուա՜ծ իմ, մտածեցի, ահաւասիկ, երբեք իրաւունք չունինք արհամարհելու մեր երիտասարդները, նոյնիսկ եթէ անոնք մէկմէկ օղ անցընեն իրենց ականջներուն: Որքա՜ն ուրախ եմ, որ այս երիտասարդը եկաւ մեր մօտ ու ճանչցայ զինքը:

Երբ կը պատրաստուէր մեկնիլ, գիրքերէս մէկը մակագրեցի իր մօրը անուան եւ խնդրեցի, որ ատիկա իբրեւ նուէր տանի իր մօրը:

– Անցեալ ամիս Նիւ Եորք էի, նոյնիսկ հոն բանախօսութիւն մը տուի, երա՜նի թէ ձեր մայրը ճանչնայի,- ըսի:

Գիրքը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ու աչքերուս մէջ ուշադրութեամբ նայեցաւ.

– Երբեք մօրս պիտի չըսեմ, որ անցեալ ամիս Նիւ Եորք էիք,- պատասխանեց, որովհետեւ շա՜տ, շա՛տ պիտի ցաւի ձեզի լսած չըլլալուն համար:

Յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց ու հեռացաւ:

Երկա՜ր ու երկար նայեցայ այդ երիտասարդին ետեւէն:

Հիմա քիչ մը աւելի խանդավառութեամբ պիտի շարունակէի աշխատիլ:

Scroll Up