Պուրճ Համուտի Բնակարանային Ծրագիրի Պաշտօնական Մեկնարկ Եւ 600 Ինքնաշարժ Պարփակող Կառատան Բացում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/Pnagaran_111017-1.jpg)
Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած առաջին սերունդները Լիբանանի մէջ տարբեր շրջաններու կարգին գլխաւորաբար կայք հաստատեցին Պուրճ Համուտի մէջ` հիմնելով գաղթակայաններ: Օրին, երբ պայմանները բաւական դժուար էին ու կարելիութիւնները` համեստ, անոնք հայօրէն ապրեցան, գոյատեւեցին եւ իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցեցին հայկականութիւն: Թիթեղաշէն ու փայտաշէն համեստ խրճիթները թէեւ ոչ մէկ արգելք էին, որ հայութիւնը ապրի համախումբ եւ հայկականութիւն բուրող միջավայրի մէջ, սակայն ժամանակի թաւալքը, կարելիութիւններու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի տարբեր քաղաքապետութիւններուն կողմէ կատարուած նախաձեռնութիւնները տարիներու ընթացքին փոխեցին պատկերը` դէպի աւելի բարեկեցիկ կեանք: Այսօր եւս Պուրճ Համուտը կանգնած է յաւելեալ բարգաւաճման եւ շրջանի բնակիչներուն, յատկապէս երիտասարդութեան ապրուստի մատչելի ու արժանավայել պայմաններու ստեղծման նպատակ հետապնդող ողջունելի այլ ծրագիրի մը սեմին` երբեմնի Քեմփ Սանճաքի տարածքին վրայ բարձրանալիք Պուրճ Համուտի բնակարանային ծրագիրը, որուն մեկնարկը, ինչպէս նաեւ 600 ինքնաշարժի յատուկ կառատան բացումը մեծ շուքով եւ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:
Ձեռնարկին ներկայ էր անոր հովանաւորը` ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, երեսփոխան Միշել Մըր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա եւ Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ժըտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժըպարա, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետներ Ցոլակ Թիւթէլեան եւ Անդրանիկ Մսըրլեան, այլ քաղաքապետութիւններու, պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ռոմի Եուսեֆ, որ դիտել տուաւ, թէ Պուրճ Համուտը պարտէզներով ծածկուած էր, իսկ տարիներու ընթացքին անիկա վերածուեցաւ բնակչութեամբ եռուն, վաճառատուներով հարուստ շրջանի եւ ոսկերչութեան հիմնական շուկայի: Անոր համաձայն, Պուրճ Համուտը կը յատկանշուի մայրաքաղաքին մերձակայքը գտնուելով, տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու համախմբման վայր ըլլալով` նման փոքրիկ Լիբանանի մը, որուն մէջ կան տարբեր մշակոյթներ, ուր կայ համակեցութիւն: Ռոմի Եուսեֆ հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը կը խորհրդանշէ երեք երեւոյթներ` հիւրասիրութիւն, աշխատանք-ստեղծագործութիւն եւ համագործակցութիւն` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կարգախօսը պիտի ըլլայ շրջանի բարգաւաճման համար գործել, լուծել բնակիչներուն հարցերը, թեթեւցնել անոնց առօրեայ հոգերը, Պուրճ Համուտի մէջ ապրելու յարմար պայմաններ ստեղծել:
Ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Գարապաճաքեան ներկայացուց հինէն ի վեր Պուրճ Համուտի մէջ տնտեսական սահմանափակ պայմաններու մէջ ապրողներուն յատուկ բնակարանային ծրագիրները, որոնց երրորդը այս նոր ծրագիրն է: Ան բացատրեց, որ ասով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը միտի թիթեղաշէն, փայտաշէն եւ հին տուները, հին փողոցները, բաց կոյուղիները փոխարինել լաւ ու արդի ծրագիրով մը, որպէսզի Քեմփ Սանճաքի բնակիչները ունենան ապրուստի լաւ պայմաններ: Մանրամասնութիւններ տալով` Յ. Գարապաճաքեան ըսաւ, որ այս ծրագիրին նախօրեակին, Դաշնակցութեան հետ համադրաբար, քաղաքապետութիւնը պարպեց հին տուները` բնակիչներուն կապուած իրաւունքներու հարցը լուծելէ ետք, որպէսզի կարելի ըլլայ հինը փլել ու նորը կառուցել: Ըստ անոր, Պուրճ Համուտի բնակարանային ծրագիրը կը բաղկանայ 4 պլոքէ, երեքը` բնակարանային, ուր կան 184 յարկաբաժիններ, որոնց տարածքը կը տարուբերի 100-140 քառակուսի մեթրի միջեւ, իսկ 4-րդ պլոքը շուրջ 600 ինքնաշարժի յատուկ կառատունն է: Ան տեղեկացուց, որ ճարտարապետը Վազգէն Չէքիճեանն է, իսկ աշխատանքները կը տանի «Քֆուրի» ընկերութիւնը` աւելցնելով, որ ներկայիս կառատան շէնքը արդէն մարմին ստացած է, իսկ բնակարանային շէնքերու գետնայարկը արդէն պատրաստ է, իսկ անոնք պիտի աւարտին եւ յանձնուին 2019-ի աւարտին:
Յ. Գարապաճաքեան յայտնեց, որ այս ծրագիրը պիտի շրջապատուի պարտէզներով, ունենայ խաղավայր ու մանկապարտէզ, ինչպէս նաեւ բարեզարդ միջավայր: Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ քաղաքապետութեան ձգտումը այսպիսով կանգ պիտի չառնէ, այլ անիկա նաեւ բնակարանային նոր ծրագիրներու եւ միջազգային մակարդակով մարզական կեդրոնի պիտի նախաձեռնէ:
Անկէ ետք խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որ ըսաւ, թէ պաշտօնի ստանձնման առաջին օրէն ինքն իրեն խոստացած էր բոլոր ուժով ու կարելիութեամբ ծառայել աւելի բարեկեցիկ պայմաններու ստեղծման ի խնդիր, իսկ թիթեղաշէն տուները քարաշէնով փոխարինելը աւելի քան հրամայական էր: Ան եւս ըսաւ, որ ասիկա Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուած երրորդ բնակարանային ծրագիրն է` մատնանշելով, որ առաջին ծրագիրը հայր Պօղոս Արիսի անունով կոչուեցաւ` օրուան քաղաքապետին անունով, երկրորդ ծրագիրը (1960-ական թուականներ) իրականութիւն դարձաւ օրուան քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի օրով եւ իբրեւ պատասխանատու ճարտարապետ ունէր երեսփոխան Միշել Մըրը, որ օրին եւ մինչեւ այսօր կը զօրակցի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ անոր բնակիչներուն: Մ. Պօղոսեան նշեց, որ այսպիսով Դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրին միջեւ հաստատուեցաւ քաղաքական կամրջում մը, որ աւելի քան 50 տարեկան է:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը ապա տուաւ բնակարանային այս ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ եւ ըսաւ, որ անիկա առեւտրական նպատակ չի հետապնդեր, այլ կը միտի օժանդակել սահմանափակ եկամուտ ունեցող երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք շրջանին մէջ մնալու առիթ ունենան ու չարտագաղթեն: Ան յայտարարեց, որ բնակարաններուն քառակուսի մեթրին գինը կը տարուբերի 850-էն 1250 տոլարի միջեւ: Ան իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախարար Մաշնուքի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետներուն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով նեցուկ կանգնեցան ծրագիրին եւ օժանդակեցին անոր յաջողութեան: Իր խօսքը եզրափակելով` Մարտիկ Պօղոսեան հաստատեց, որ որքան ալ բազում ըլլան դժուարութիւնները, քաղաքապետութիւնը պիտի շարունակէ իր ծրագիրները, մանաւանդ որ ունի նեցուկ ու վստահութիւն:
Անկէ ետք իր գոհունակութեան խօսքը արտասանեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ հայերը նկատեց իսկական արժէք ու բացառութիւն` դիտել տալով, որ այս ծրագիրին յաջողութիւնը փաստ է համագործակցութեան, որ կը նշանակէ կայունութիւն տարբեր մակարդակներու վրայ, կը նշանակէ նուազ խնդիրներ, ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ ապրող շրջաններուն մէջ նուազ յոռի երեւոյթներ, ինչ որ իր ազդեցութիւնը ունի ներկային ու ապագային վրայ: Ան հաստատեց, որ հայութիւնը բոլոր տուեալները ունի հպարտ զգալու, որովհետեւ մարդոց, քաղաքապետութեան եւ Դաշնակցութեան միջեւ համագործակցութիւնը իր արգասիքը տուած է միշտ` աւելցնելով, որ եկեղեցին եւս իր դերը ունեցած է մարդոց կեանքի բարելաւման առումով: Ըստ անոր, այսօր Պուրճ Համուտը մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող շրջան կը նկատուի, ինչ որ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ բնակարանային այս ծրագիրը, որուն որակին մասին ոչ մէկ կասկած կարելի է ունենալ, որովհետեւ հայութիւնը միշտ ալ յատկանշուած է իր պարկեշտութեամբ, այդ պատճառով ալ լիբանանահայը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է ոսկերչութեան մէջ` միշտ ալ վստահութիւն ներշնչելով: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ նման տարողութեամբ եւ կարեւորութեամբ ծրագիրներ վարակիչ ըլլան այլ շրջաններուն:
Աւարտին իր խօսքը ուղղեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Մաշնուքին, որ նման զգայուն պայմաններու մէջ ներկայ եղած էր ձեռնարկին: Ան դիտել տուաւ, որ նման վատ ու մտահոգիչ օրերու Լիբանանի ժխտական սովորութիւններուն մաս սկսած է կազմել խոստում տալն ու չյարգելը, բայց Պուրճ Համուտի մէջ, շնորհիւ քաղաքապետութեան ամբողջ անձնակազմին եւ նեցուկ կանգնողներուն, խոստացանք եւ կը գործադրենք մեր խոստումը: Բագրատունի 184 յարկաբաժիններ բովանդակող այս ծրագիրը կարեւոր նկատեց այն առումով, որ երիտասարդներուն պատգամ կը յղէ չմտածելու արտագաղթին մասին, այլ մնալու Լիբանանի մէջ, գործելու հոս, իրենց ձեռքով կառուցելու երկիրը: Ըստ Բագրատունիի, թերեւս ուրիշներու համար մտահոգութիւն չէ Լիբանանի մէջ մնալը, սակայն հայութեան համար ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ հայը ի՛նք ընտրեց այս երկիրը գալ, զայն ծաղկեցնել, եւ հոս ըլլալը պարտադրանք չէր: Ան նկատել տուաւ, որ այնքան ատեն որ մենք հոս ենք, չենք կրնար մաս չկազմել Լիբանանի բարգաւաճման եւ բարեզարդման, որովհետեւ անիկա մեծ է իր պատմութեամբ, քաղաքացիներուն կողմէ անոր նկատմամբ եղած հաւատքով:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի մէջ երեք ժողովրդային բնակարաններու ծրագիրներու իրականացման օժանդակողներուն` դիտել տալով, որ բնակարանային ծրագիրներ իրականացած են նաեւ Ֆանարի եւ Ռաուտայի մէջ, այսինքն` շուրջ 1200-1300 ընտանիքներ, որոնց օժանդակած ենք մնալու Լիբանանի մէջ, օժանդակելու լիբանանցիներուն, գործակցելու անոնց հետ` աւելի բարգաւաճ Լիբանանի կառուցման ի խնդիր:
Իր խօսքը աւարտելով Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ հաւանաբար ուրիշներու միտումն է առեւանգել մարդոց յոյսը, սակայն մենք կը նախընտրենք մարդոց ցաւը առեւանգել եւ յոյս տալ: