Տինքի Ընտանիքի Փաստաբանը Պահանջած է Հետաքննութեան Սկսիլ Ոստիկանութեան 13 Նախկին Պաշտօնեայի Դէմ
Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրջըօղլու պահանջած է թրքական դատարանէն հետաքննութեան սկսիլ Սթամպուլի եւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան 13 նախկին պաշտօնեաներու դէմ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Թերթ․am»-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ին:
Հետախուզական բաժնի հետ կապ ունեցող պաշտօնեաներու շարքին է նաեւ Սթամպուլի ոստիկանութեան հրամանատարներէն Ունալ Քարաօսմանօղլու, որ փաստաբանի պնդումով պատասխանատու է Տինքի անվտանգութիւնը պատշաճ կերպով չապահովելու համար:
Պաքըրջըօղլու Սթամպուլի գլխաւոր հանրապետական դատախազութիւն ներկայացուցած է նիւթեր, որոնք կը փաստեն, որ Քարաօսմանօղլուն Տինքի սպանութենէն առաջ տեղեկութիւններ ստացած է անոր դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն մասին եւ հետեւաբար` պատասխանատու եղած է անոր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Փաստաբանը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ Քարաօսմանօղլու 2005 թուականին ստորագրած է թուրք գրող Օրհան Փամուքին յատուկ պահպանութեան տակ առնելու մասին որոշումը, մինչդեռ երբ յառաջացած է Տինքին նոյնկերպով պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը` յապաղած է:
Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կը կ՛երկարի արդէն 10 տարէ եւ դեռ չէ գտած իր հանգուցալուծումը: