Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Արցախի Ազգային Ժողովի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 10-ին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է մասնակցելու Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի 12-րդ նիստին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի կապի վարչութիւնը, հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր համարած միջխորհրդարանական սերտ շփումները հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ` ընդգծելով, որ ինչ ձեւաչափով ալ դրսեւորուի փոխգործակցութիւնը` միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստեր, ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու պարբերաբար իրականացուող համատեղ նիստեր կամ պատգամաւորական խումբերու շփումներ, ատիկա, ամէն պարագայի, լաւագոյն ձեւն է իրարու միջեւ տեղեկատուութիւն փոխանակելու եւ ընդհանուր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերը համատեղելու:

«Ինծի միշտ լաւատեսութեամբ կը համակէ այն, որ՝ հակառակ պարտադրուած պատերազմին, հակառակ սահմանագիծի վրայ առկայ, Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները մեծ հաւատքով լեցուած են իրենց ապագայի նկատմամբ եւ այդ հաւատքով կ՛ամրապնդեն իրենց պետականութիւնը, կ՛աւելցնեն բարեկեցութիւնը, կը զարգացնեն ժողովրդավարութիւնը: Եւ սա բոլորիս կը համոզէ, որ ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք, եւ որ մեր կամքը անբեկանելի է: Այս ճանապարհին, ի հարկէ, շատ կարեւոր հանգրուան էր ընթացիկ տարուան Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն, որ մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ չկայ խզուածութիւն Արցախի գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի միջեւ, իսկ սա չափազանց կարեւոր հանգամանք է մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ճանապարհին: Կը կարծեմ` ոեւէ մէկը չի կասկածիր, որ այս ուղին անցնելու ճանապարհին ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ոչ միայն մեր բոլոր քաղաքացիները, այլեւ համայն հայութիւնը ձեր կողքին է, եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ»,- ըսած է նախագահը` ընդգծելով, որ խորհրդարանականներու քննարկումներուն արդիւնքները անհրաժեշտ է պարբերաբար հասցնել նաեւ երկու հանրապետութիւններու քաղաքացիներուն, քանի որ, ըստ նախագահ Սարգսեանի, մենք ամուր ենք, լաւատես ենք, հաստատակամ ենք, եթէ մեր քայլերը համահունչ են մեր ժողովուրդի ցանկութեան:

Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ ՀՀ ԱԺ-ի հետ միջխորհրդարանական համագործակցութեան նիստերու ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահին մօտ աւանդաբար հիւրընկալուիլը շատ կարեւոր է խորհրդարանականներուն համար, քանի որ նման հանդիպումները լաւ հնարաւորութիւն են համագործակցութեան օրակարգէն բացի անդրադառնալու երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող արդիական թեմաներուն, համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն:

Ան նախագահին տեղեկացուցած է կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող միջխորհրդարանական այսօրուան նիստին քննարկուող հարցերուն մասին:

«Մեր հրատապ թեմաներու շարքին է նաեւ յետսահմանադրական զարգացումները ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ: Ինչպէս Դուք նշեցիք, պարո՛ն նախագահ, մենք հիմա շատ կարեւոր փուլ մտած ենք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ սահմանադրական հանրաքուէներէն ետք մեր կեանքի կարգաւորումները նոր սահմանադրութիւններով պայմանաւորելու առումով: Թէկուզ մենք տարբեր կառավարման ձեւեր ընտրած ենք, բայց այս գործընթացին մէջ ունինք շատ ընդհանրութիւններ, որովհետեւ անցած ճանապարհն ալ այդ մասին կը վկայէ: Կան որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք, ի հարկէ, մենք կը ցանկանք քննարկել մեր գործընկերներուն հետ, որոնք տեղեակ եղած են այդ գործընթացէն եւ կրնան օգտակար ըլլալ մեր օրէնսդրութիւնը հիմնական օրէնքին համապատասխանեցնելու գործին»,- ՀՀ նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արցախի ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Scroll Up