Մեսրոպեանի Աշակերտը Կը Ստանայ ROBOTICS-Ի Մարզիչի Վկայական
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/JACK-DARAKJIAN-300x225.jpg)
Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտ Ժաք Տարաքճեան ամբողջացուց VEX EDR Robotics-ի մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին, NDU համալսարանին մէջ:
Ժաքը եղաւ միակ դպրոցականը, որ ստացաւ Robotics-ի մարզիչի համապատասխան վկայական. թիւով 13 միւս բոլոր մասնակիցները կու գային լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ:
Մօտ 25 ժամ տեւողութեան եռօրեայ դասընթացքին արդիւնքով, Մեսրոպեանի աշակերտը հիմնովին ամրապնդեց Robotics-ի վերաբերեալ իր գիտելիքները, ինչ որ մեծապէս պիտի օգնէ, որ ան դպրոցին մէջ զարկ տայ այս ճիւղին հանդէպ աշակերտներու հետաքրքրութեան եւ այդ նպատակին ուղղուած աշակերտական ակումբի գործունէութեան:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի