«Ցեղասպանութեան Պարտադրուած» Հատորի Ներկայացում «Ապրիլ» Գրատան Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/1109ADRIENNE-G.-ALEXANIAN2.jpg)
Նոյեմբեր 16-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ցեղասպանութեան Պարտադրուած. Օսմանեան Թրքական Կայսրութեան Հայ Զինուորի Մը Յուշերը» («Forced into Genocide: Memoirs of an Armenian Soldier in the Ottoman Turkish Empire») հատորին ներկայացումը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ անոր խմբագիր եւ երկար տարիներու կրթական մշակ Ատրինէ Ալեքսանեան, որ անգլերէնի թարգմանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես իր հօր՝ Երուանդ Ալեքսանեանի ձեռագիր յուշերը:
Հատորին խմբագիրը պիտի ներկայացուի Միհրան Թումաճեանի կողմէ։
Ներկայացումը կազմակերպուած է գրատան եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին ջանքերով։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։