107.200 Տոլար Հանգանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Տարեկան Ճաշկերոյթին Ընթացքին
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին «Պահանջատիրական շաբաթ»-ը աւարտեցաւ տարեկան ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 107.200 տոլար, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:
Սոյն ճաշկերոյթին պատւըուեցաւ աւստրալահայ տաղանդաւոր լրագրող Ճորճ Տօնիկեանը` «Հայ դատի յանձնախումբի հայ եւ աւստրալացի համայնքներու «Տարուան բարեկամ» շքանշանով:
Տօնիկեան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ ճաշկերոյթին` ռատիոյի մէջ ստանձնած իր նոր պաշտօնին պատճառով: Ան ուղարկած էր վիտէօ-արձանագրութեամբ պատգամ մը: Իր կողմէ շքանշանը ստացաւ իր մօտիկ ընկեր, լուրերու հաղորդավար եւ այդ գիշերուան հանդիսավար Ճոն Մանկոսը:
Գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեանը:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն` Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներու մէջ: Չուլճեան կոչ ուղղեց աւստրալիահայ համայնքին` նեցուկ կանգնելու Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, որ աշխարհացրիւ Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ համատեղ պայքար կը մղէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքներուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդարութեան ի նպաստ:
Ճաշկերոյթը կը զուգադիպէր Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Ցեղասպանութեան ճանաչման 20-րդ տարեդարձին (1997): Պաստառի վրայ սփռուեցան 1997-ին նահանգապետ Պոպ Քարի եւ ընդդիմութեան ղեկավար Փիթըր Քոլինզի ճառերը, ինչպէս նաեւ այժմու նահանգապետ Գլատիս Պերեճիքլեանի վիտէօ-պատկերասփռումը` այս կարեւոր տարեդարձին առիթով:
Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան լուսարձակի տակ առաւ այն կարեւոր հանգամանքը, որ կը վերաբերի Հայ դատի աշխատանքները նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն վստահելու իրողութեան անոնց գործակցութեան` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան հետ:
Գահրամանեան անդրադարձաւ յանձնախումբին տարած 12 ամսուան աշխատանքներուն, ներառեալ` «Խոստումը» ժապաւէնի առաջին սփռումին, յանձնախումբին ներդրումին` Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին խնամակալ մարմինի կազմութեան մէջ եւ մարդուժի տրամադրութեան, Ազրպէյճանի «խաւիարային քաղաքականութիւն»-ը աւստրալիական լրատուամիջոցներուն սեփականութիւնը դարձնելուն եւ այլն:
«Պահանջատիրական շաբաթուան» ընթացքին Դաշնակցային խորհրդարանի երկու անդամներ յանդուգն արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան եւ դատապարտեցին Ազրպէյճանի` Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման դէմ որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ առած գործնական քայլերը», եզրափակեց Գահրամանեան:
Հայ դատի յանձնախումբի խնամակալ մարմինի անդամ Թալին Շամլեանը խօսեցաւ նորակազմ (2017-ին) Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական խմբակին մասին: Պահանջատիրական շաբթուան ընթացքին այս խմբակցութիւնը կատարած էր պատմական պատկերասփռումը «Խոստումը» ժապաւէնին` Դաշնակցային խորհրդարանի սրահին մէջ:
Շամլեան բացատրեց նպատակը այս խմբակին, որ կ՛ընդգրկէ 50-է աւելի երեսփոխաններ եւ ծերակոյտի անդամներ, ապա ան հրաւիրեց խմբակին համաատենապետ Թրենթ Զիմըրմանը` արտասանելու իր խօսքը:
Զիմըրմանի կ՛ընկերանային իր պաշտօնակիցները` Ճուլիըն Լիսըրը եւ Ճէյսըն Ֆալինսքին: Խորհրդարանի երեք անդամները իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին ներկաներուն` զօրակցութիւն յայտնելով հայկական պահանջատիրութեան:
Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը կը ներկայացնէին` Ճոնաթան Օտէյը, Ուոլթ Սեքորտը, Ֆրետ Նայլը, Տէյվիտ Քլարքը եւ ծերակոյտի նախկին անդամ Ամանտա Ֆազիոն:
Նահանգապետ Գլատիս Պերեճիքլեան անձամբ չկրցաւ ներկայ գտնուիլ, սակայն զինք ներկայացուցին իր ծնողները` Գրիգոր եւ Արշօ Պերեճիքլեանները, որոնք ստանձնեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրենց դստեր տրուած, որ յանձնեց շքանշանը, սփիւռքի նախարարութեան Աւստրալիոյ խորհրդատու Հանրիէթ Անդրիասեանի: Հ. Անդրիասեան կարդաց նաեւ երկլեզու պատգամը` ուղղուած նահանգապետին, նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ:
Հանգանակուած 107.200 տոլար գումարին համար ու Վաչէ Գահրամանեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ Հայ դատի յանձնախումբին նեցուկ հանդիսացողներուն ու գործընկերներուն: