Ինչպէս Հայկական Ինքնութիւնը Կը Վերապրի Ցեղասպանութիւնը

LA Weekly-ն անդրադարձած է ամերիկաբնակ բեմադրիչ Աւօ Ջոն Քամբուրեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ անոնց ժառանգներու յաջողութեան պատմութիւններուն մասին ֆիլմաշարքին: Echoes of Survival ֆիլմաշարքի գաղափարը յառաջացած է քանի մը տարի առաջ, երբ ամբողջ աշխարհի հայերը կը պատրաստուէին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

«Մենք կը խօսինք ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու մասին` մոռնալով պատմել անոնց մէջ եղած տաղանադաւոր անհատներու ձեռքբերումներու, նորարարութիւններոի մասին եւ անոր մասին, թէ մշակութային ինչ կորուստներ ունեցախ ենք»,- ըստ «Փանարմինիըն»-ի՝ պարբերականին ըսած է բեմադրիչը:

5 մասէ բաղկացած փաստագրական ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է Նոյեմբեր 4-ին Arpa միջազգային շարժանկարի փառատօնի ծիրէն  ներս:

«Սան Ֆերնանտոյի մէջ ծնած Քամբուրեանի ընտանիքը Միացեակ Նահանգներ տեղափոխուած է Սուրիայէն: 2012-ին ան այցելած է Արեւմտեան Հայաստան, եղած նախապէս հայերով բնակեցուած վայրերու մէջ: Այս ուղեւորութիւնը օգնած է անոր ԱՄՆ վերադառնալէ ետք ֆիլմի ստեղծագործական աշխատանքներուն», -կը  գրէ պարբերականը:

Echoes of Survival-ի մէջ կը ներկայացուին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող հայերու` արուեստի, մշակոյթի, գիտութեան ոլորտներու մէջ ունեցած ձեռքբերումները, եւ այն, թէ ինչպէս ազգային ինքնութիւնը կ՛ազդէ անոնց մասնագիտական գործունէութեան վրայ:

Scroll Up