Էրիք Տէրոյեան Պըրպենքի Ոստիկանութեան «Քեփթըն» Պաշտօնին Կը Տիրանայ

Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Էրիք Տէրոյեան վերջերս Պըրպենքի ոստիկանութեան «քեփթըն» պաշտօնին բարձրացած է։ Ան Պըրպենքի ոստիկանութեան միացած է 2012ին, իրեն հետ բերելով երկար տարիներու փորձառութիւն՝ ամբարուած Սանթա Մոնիքայի ոստիկանութեան, Քալիֆորնիոյ արդարադատութեան բաժանմունքի թմրեցուցիչներու գրասենեակի ապահովական մարմինի, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային քրէական տեղեկատուական կեդրոնի շարքերուն ու ղեկավարութեանց մէջ, ուր ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ՝ գործակցելով նաեւ դաշնակցային իշխանութիւններու հետ։

Իր պաշտօնի բարձրացումով, Տէրոյեան պատասխանատու պիտի ըլլայ ոստիկանութեան շարք մը բաժանմունքներու եւ պիտի փոխարինէ ոստիկանութեան հետախուզական բաժանմունքի հրամանատարութիւնը ստանձնած քեթփըն Արմէն Տեմենճեանը։

Նշենք, որ Տէրոյեան պսակաւոր վկայական ունի քրէական արդարութեան եւ մագիստրոսի վկայական՝ կազմակերպական ղեկավարման մասնագիտութեանց մէջ։ Ան ծնած եւ հասակ նետած է Մեսեչուսեցի մէջ, աշխատած է Ուոթըրթաուն քաղաքը, որ իր հայաշատ բնակչութեան համար Արեւելեան Ամերիկայի «Կլենտէյլ»ը կը նկատուի։

Տէրոյեան ուրախութիւն յայտնած է, որ քաղաքին մէջ հայ ոստիկաններուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ՝ նշելով, որ 2012էն ի վեր երկու հայ ոստիկաններ միացած են ապահովական մարմիններուն, իսկ երկու ուրիշներ անդամակցելու ընթացքին մէջ կը գտնուին։

Իր կարգին, Պըրպենքի ոստիկանական հարցերու յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Հերկէլեան կը շեշտէ, թէ նոյն քաղաքի ոստիկանութեան մէջ հայերուն թիւը պէտք է բազմանայ, նկատի ունենալով որ Պըրպենքի բնակչութեան մէջ հայութեան համեմատութիւնը 20 տոկոսի հասած է։

Scroll Up