Մեսրոպեանի Աշակերտներ Պարգեւատրուեցան Պաքալորէայի Քննութիւններուն Յիշատակութեամբ Յաջողելուն Համար

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պուրճ Համուտի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան աւանդական ձեռնարկը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան անցած տարեշրջանի Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն յիշատակութեամբ յաջողած հայկական դպրոցներու աշակերտները:
Պարգեւատրուողներու շարքին էին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անցնող տարեշրջանէն 7 աւարտականներ:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինին մէջ Շարպէլ Ապէթեան «շատ լաւ» լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հանդիսացած է առաջին, Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Էլի Ապէթեան, Ընդհանուր Գիտութիւններու բաժինէն, Ազնիւ Փոլատեան, Արմիկ Հեքիմեան, Քրիսթին Քէհէեան եւ Մարիա Եմենեան Գրականութեան բաժինէն, իսկ Հայկ Թապագեան պարգեւատրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ իր հաստատած հայերէնի բարձրագոյն նիշին համար:
Հանդիսութեան ներկայ էր Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ՝ հայկական վարժարաններու կրթական պատասխանատուներու եւ տնօրէններու շարքին: Օրուան բանախօսը՝ Տոքթ. Լեւոն Աւետանեան ընդգծեց, որ աշակերտներու յաջողութեան մէջ դերակատար են ինչպէս իրենք՝ իրենց աշխատասիրութեամբ, նոյնպէս եւ ծնողները, ուսուցիչները եւ դպրոցական պատասխանատուները՝ իրենց պարտականութիւններու լաւապէս կատարմամբ: Ան յորդորեց աշակերտները հետեւողական ջանասիրութեամն շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը, չմոռնալով հաւաքկանութեան հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնները:
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի