ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Մօտիկ Ապագային Պիտի  Օժտուի  Արդիական Ֆութպոլի Դաշտով

ՀԲԸՄ-ի  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գործունէութեան  կիզակէտը   աշխարհի  տարբեր ափերու վրայ  եղած է  մատղաշ սերունդին  հայեցի  դաստիարակութիւնը:

Այս  նշանաբանը  հաւատամք  եղած է  ՀԵԸ-ի  համար:  Վկայ անոր   ութսունհինգամեայ  գործունէութիւնը, ուր   մշակոյթի,  մարմնամարզութեան, երիտասարդական, սկաուտական զանազան  շարժումներու   միջոցով  Հայ  Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը դարձած  է  ապագային նայող եւ ապագայի հայը պատրաստող   կազմակերպութիւն:

ՀԵԸ-ի այսօրը  չի տարբերիր անոր երէկէն: Այսօր, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային  Յանձնաժողովի  ատենապետ  Ժերար Թիւֆենքճեանի անմնացորդ աջակցութեան եւ  քաջալերանքին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  ճիգերուն, ի մասնաւորի  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  գանձապահ Վաչէ  Մելքոնեանի անմիջական հետապնդումներուն,  շինարարական աշխատանքներուն  վրայ  հետեւողական   հսկողութեան,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատկան Նաքքաշի   ֆութպոլի  դաշտը  կը  կանաչապատուի եւ կ’օժտուի  ժամանակակից ֆութպոլի լաւագոյն   յարմարութիւններով:  Նոր  մարզադաշտին շինարարութիւնը   մօտեցած  է աւարտին:

Այսպիսով,  ՀԵԸ  Անդրանիկը  ոչ միայն պիտի ունենայ  ֆութպոլի դաշտ, այլեւ  հայ  երիտասարդին առողջ  դաստիարակութեան համար ֆութպոլի  դպրոց  եւ  երիտասարդութեան ակնկալութիւնները  գոհացնող  նոր մարզադաշտ:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ԵՐԷԿԸ 

ՎԱՂԸ

ՎԱՂԸ

Scroll Up