«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Գիրքի Շնորհանդէս

Հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, Ուրբաթ 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքի շնորհանդէսը:
Շնորհանդէսին խօսք առին Արաբական Ծոցի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ իր տիկինը Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որոնք ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին գիրքի բովանդակութիւնը եւ պատրաստութեան ու թարգմանութեան փուլերը: Անոնք նաեւ անդրադարձան գիրքի հրատարակութեան կարեւորութեան յատկապէս մանկապատանեկան, հոգեբանական ու մանկավարժական երեսներուն: Անոնք կարեւորութեամբ դիտել տուին հին եւ նոր կտակարանի խառնուրդ պատմութիւններուն, Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին շարքը պահելով, սկսելով հին կտակարանէն հասնելով մինչեւ նոր կտակարան: նշենք թէ գիրքը պատրաստուած է յատուկ կերպով 4-15 տարեկան մանուկներուն եւ պատանիներուն հոգեւոր դաստիարակութեան համար:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Սուրբը, որ բարձր կերպով գնահատեց սոյն գիրքի պատրաստութեան աշխատանքը, անդրադառնալով անցնող տարիներու ընթացքին Արաբական Ծոցի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան տարած գործունէութեան, յատկապէս Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին աշխատանքին՝ որ մեծ նպաստ ու ներդրում կը բերէ Հայ հոգեւոր գրականութեան: Ան մատնանշեց թէ այս գիրքը որ տունը որ մտնէ պէտք չէ դառնայ գրադարանի մէջ դրուելիք զարդ կամ գիրք, այլ պէտք է դառնայ բոլոր մանուկներուն դաստիարակիչ եւ ուղղութիւն ցոյց տուող գիրք, որպէսզի ունենանք հաւատացեալ դաստիարակուած սերունդներ, որոնք պիտի յաջորդեն մեզ ու վար պիտի պահեն Հայ եկեղեցւոյ կեանքը, ազգային մեր նկարագիրը պահելով:
Շնորհանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօն:
Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017-ին նաեւ գիրքը ներկայացուեցաւ Ապու Տապիի Ազգ. Արա Խանոյեան միօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։
***
Խօսք «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Գիրքի Հրատարակման առիթով
Մարդկային կեանքը անվերջ բախում է արդարութեան եւ անիրաւութեան ովկիանոսին մէջ, իրար դէմ շարունակ կը պայքարին բարին ու չարը, ի՞նչ ընել, որո՞ւ օգնութեան կանչել, ինչպէ՞ս դուրս գալ այս ծանր կացութենէն: Նման երեւոյթները մարդու միտքը զբաղեցնող հարցեր են որ յաճախ կը մնայ անպատասխան:
Աստուածաշունչ Մատեանը սրբազան այն գիրքն է որ կը սնուցանէ մարդուն միտքն ու հոգին, մարդուն կը դաստիարակէ քրիստոնեավայել եւ աստուածահաճոյ կերպով հեռու պահելով խաթարիչ մոլութիւններէն:
Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսաւ իր տեսակին մէջ եզակի, գունազարդ, արդիական ոճով, եւ իւրայատուկ խորք ունեցող «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» որ կ’ուգայ բաց մը լրացնելու հայոց հոգեւոր գրականութեան աշխարհէն ներս:
Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Արժանընտիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Հայրապետ Արամ Ա. յայտարարած էր 2017 տարին որպէս «Վերանորոգումի տարի»: «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» վառ ճաշակով ու տեսքով սուրբ գրային հին եւ նոր կտակարանի պատումներով, աստուածաշնչական կարեւոր դէմքերով, քրիստոնէական ուսուցումներով, եւ Աստուծոյ Որդիին կեանքին զանազան հանգրուաններու ներկայացումներով հրատարակութին է, որ կը նորոգէ ոչ միայն հայ երիտասարդին հոգեւոր դիմագիծը այլ նաեւ հայ պատանիին ու մանուկին, այլ խօսքով նորահաս սերունդին կրօնական ներքին անդաստանը:
Մանկա-պատանեկան հոգեւոր գրականութեան մէջ ճոխութիւն կը հանդիսանայ վերոնշեալ հրատարակութիւնը, որ ոչ միայն հայ երիտասարդին այլ հայ տունին հայ դպրոցին, կիրակնօրեայ վարժարանին բարիք սփռելու միջոց կը հանդիսանայ:
Այսօր հայ պատանին կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ: Կեանքը այսօր դարձած է զուարճութեանց ընթացք: Երջանկութեան ակը Աստուծոյ խօսքն է պատկերացուած ու խտացուած «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչին»մէջ, որ կը փորձէ հարազատ ոգին պահելով Աստուծոյ խօսքին թարգմանը ըլլալ ուսուցողական ու մանկավարժական կերպով, հեռու ձանձրացուցիչ ոճէ, գոհացնելու ներքին աշխարհը հայ երիտասարդին:
Վերջին տասնամեակին Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան հայերէն լեզուով եւ արդիական շեշտաւորումներով երրորդ հրատարակութիւնն է «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը», որուն մէջ մեծ ներդրում եւ աշխատանք ունեցաւ վերոնշեալ ընկերութեան գործադիր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ իր ազնուափայլ տիկինը դոկտ. Արտա Ճէպէճեան:
Աշխատանքը օրհնութիւն է երբ բարիք կը սփռէ, աշխատանքը սրբութիւն կը դառնայ երբ աստուածահաճոյ նպատակներու կը ծառայէ:
Սիրելի Հրայր եւ Արտա, Աստուած օրհնէ ձեզ եւ ձեր սրբազան աշխատանքը: Դիւրին է խօսքով գնահատելը, կրնամ երեւակայել որքան ճիգ ու շունչ մաշեցուցիք գիրքի մտայղացումէն մինչեւ իր հրատարակութեան հանգրուանը որուն համար մեծապէս գնահատելի է ձեր հոգեւոր աշխատանքը:
Ձեր գնահատանքը մի սահմանափակէք գիրքի գինեձօնով, պաշտօնական ելոյթներով, գեղարուեստական յայտագիրներով, յօդուածներով եւ գեղեցիկ արտայայտութիւններով: Ձեր աշխատանքին բաւարարութիւնը տեսէք այն երեւոյթին մէջ երբ նորահաս սերունդը իրը կը դարձնէ «Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը», եւ մասունքի պէս կը պահէ, կ’ընկալէ եւ կ’ըմբոշխնէ իր հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:
Կ’աղօթեմ որ Աստուած նորանոր ծրագիրներով ծաղկեցնէ ձեր յառաջիկայ աշխատանքները, եւ առաւել ուռճացնէ Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան հոգեւոր գործունէութեան դաշտը:
Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան