Տեսաժողով Փաւլոտարի Մարզի «Հայրենիք» Հայկական Ազգամշակութային Միաւորման Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/պավլոդար.jpg)
Հոկտեմբեր 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Ղազախստանի հանրապետութեան Փաւլոտարի մարզի «Հայրենիք» հայկական ազգամշակութային միաւորման ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներ, ԵՊԲՀ-ի «Հերացի» աւագ դպրոցի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: Փաւլոտարի մարզէն տեսակապին կը մասնակցէին «Հայրենիք» հայկական էթնամշակութային միաւորման նախագահ Էլմիրա Պետրոսեան, փոխնախագահ, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ Սուսաննա Առաքէլեան, միաւորման առաջին նախագահ Սերժ Մարտիրոսեան, համայնքի անդամ, մարզական հարցերով պատասխանատու Եուրի Յովհաննիսեան, համայնքի անդամ Սերգէյ Գրիգորեան:
Ողջոյնելով տեսաժողովի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին` նախարարութեան հետ աշխոյժ համագործակցելու համար: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Լաւագոյն կազմակերպուած համայնքներից է, ակտիւ աշխատում է հայապահպանութեան ուղղութեամբ: Մեր խնդիրը ամէն երիտասարդի հայ պահելն է: Պէտք է հայկական միջավայր ստեղծենք, հայերէն խօսենք, շատացնենք հայկական երգն ու պարը: Պարի միջոցով արթնանում է երեխայի ինքնութիւնը: Ուզում եմ, որ լինելով ձեր բնակութեան երկրի լաւ քաղաքացի, լաւ հայ լինէք: Պէտք է շարժում սկսել` ուխտագնացութիւն Հայաստան: Ամէն հայ պէտք է տեսնի իր Հայրենիքը: Դա երիտասարդներին հայ պահելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցն է»:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Փաւլոտարի մարզի «Հայրենիք» հայկական ազգամշակութային միաւորման նախագահ Էլմիրա Պետրոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան` տեսաժողովը կազմակերպելու համար: «Վստահ ենք, որ այս համատեղ քննարկումը շատ շուտով իր արդիւնքները պիտի տայ, կապը Հայրենիքի հետ աւելի կը սերտանայ»
Միաւորման փոխնախագահ, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ Սուսաննա Առաքէլեան ներկայացուց Փաւլոտարի հայկական համայնքի, հայկական 6-օրեայ դպրոցի յաջողութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան` դպրոցին տրամադրած դասագիրքերուն եւ ուսումնական ձեռնարկներուն համար: Ան խօսեցաւ նաեւ երիտասարդներու կրթական, մարզական, մշակութային յաջողութիւններուն մասին, ներկայացուց խնդիրները, յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան հետ աւելի պիտի աշխուժանայ:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս. Սրապիոնեան ներկայացուց Հայոց պետականութեան 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող համահայկական ձեռնարկները:
Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան անդրադարձաւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, ներկայացուց «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Արի տուն» ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը եւ համահայկական մրցանակաբաշխութիւնը, կարեւոր համարեց համայնքի աշխոյժ մասնակցութիւնը այդ ծրագիրներուն:
Քննարկուեցան Փաւլոտարի հայկական համայնքի գործունէութեան, համայնքին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵՊԲՀ-ի «Հերացի» աւագ դպրոցին հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Համայնքի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին յառաջիկային առաւել աշխոյժ մասնակցելու Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, սերտացնելու կապը Հայրենիքի հետ: