Գարեգին Երկրորդը Գնահատած Է Հայրենիքի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրներու Յաղթահարման Գործին ՄԷջ Ամերիկահայութեան Ջանքերն Ու Ներդրումները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/Պատարագ02.jpg)
Հոկտեմբեր 29-ին` Սուրբ Խաչի գիւտի տօնին օրը, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մատուցեց Սուրբ Պատարագ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն, ներկայ էին թեմի հոգեւոր դասը` թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, թեմական ու ծխական վարչութիւններու անդամներ, ազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հաւատացեալներ, պետական այրեր:
Բարեպաշտ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Վեհափառ Հայրապետն անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, խաչի նշանակութեան մեր ժողովուրդի անցեալին եւ ներկային, ամերիկահայութեան կեանքին մէջ: Նորին Սրբութիւնն իր խօսքին մէջ ի մասնաւորի ըսաւ. «Տիրոջ խաչը պատմութեան բոլոր ժամանակներում մեր ժողովրդի համար եղաւ նուիրական նշան, որի զօրութեանը ապաւինած ապրեցինք ու արարեցինք, դիմագրաւեցինք փորձութիւններն ու նեղութիւնները: Խաչը մեզ համար եղաւ գիր ու մշակոյթ, եղաւ զէնք, երբ ուզեցին մեզ կործանել, եղաւ դժուարութիւնները յաղթահարելու ուժ եւ վերածնուելու զօրութիւն: Խաչով վերապրեցինք ցեղասպանութիւնը եւ յարուցեալ մեր նոր կեանքը կերտեցինք հայրենեաց հողում ու աշխարհի տարբեր կողմերում: Դժուարութիւնների յանդիման, ձեռքբերումների ու յաղթանակների մէջ միշտ բարձր պահեցինք խաչի պարծանքը` ըստ առաքեալի խօսքի. «Քաւ լիցի, որ ես պարծենամ այլ բանով, քան միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչով»: Սրբոց Ղեւոնդեանց նահատակների նուիրական անունը կրող այս եկեղեցին նոյնպէս մեր հայրերի հաւատքի ոգին ու աւանդն է փոխանցում մեզ: Յիրաւի, մեր ինքնութիւնը, գոյութիւնն ու յարատեւութիւնը հիմնուած են խաչանշան մեր հաւատքի եւ խաչադրոշմ մեր հայրենիքի ու հայրենեաց ժառանգութեան վրայ, որոնք այսօր էլ ազգային եւ հոգեւոր-բարոյական մեր նկարագրի առհաւատչեան են, ապրելու, պայքարելու, յաղթելու մեր ուժն ու գրաւականը»:
Գարեգին Բ Հայրապետը շեշտեց, որ առկայ դժուարութիւններն ու խնդիրները յաղթահարելի են առ Աստուած ապաւինութեամբ, խաչի խորհուրդով ու զօրութեամբ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց Հայրենիքին, սուրիահայ եւ իրաքահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ամերիկահայութեան կողմէ ցուցաբերուող զօրակցութիւնը` յորդորելով, որ ապաւինած Տիրոջ խաչի փրկաբեր զօրութեան` հաստատուն մնան հաւատքի եւ ազգային կեանքի առաքելութեան մէջ, հաւատարմօրէն պահեն աւետարանական պատգամները եւ հայրենաւանդ սրբութիւնները:
Նոյն օրը երեկոյեան Հովուապետական այցի առիթով տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ներկայ էին հոգեւորականներ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ տիար Էրիկ Գարսէթին, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, պետական այրեր, բարերարներ, հաւատացեալ հայորդիներ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին ցուցադրուեցան ԱՄՆ Հայոց թեմի 90-ամեակին նուիրուած ֆիլմը եւ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան պատրաստած տեսաֆիլմը Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանի մասին:
Հանդիսութեան Հառիճի «Թրբանճեան ընծայարանի» շրջանաւարտ, Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսանող սաները հանդէս եկան հոգեւոր ու ժողովրդական երգերու կատարումներով:
Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքն ու պատգամն ուղղեց ներկաներուն` իր ուրախութիւնը, շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յայտնելով ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի հաստատման 90-ամեակին առիթով: Նորին Սրբութիւնն անդադարձաւ ամերիկահայ համայնքի անցած ճանապարհին, ներկայ յաջողութիւններուն, ինը տասնամեակներու ընթացքին թեմի եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ իրագործումներուն: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին ամերիկահայութեան ջանքերն ու ներդրումները, Մայր Աթոռի ծրագիրներուն սատարումը, նուիրեալ հայորդիներու զօրակցութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, յորդորեց նախանձախնդրութեամբ շարունակել աջակցիլ Հայրենիքին ու Եկեղեցւոյ:
Հանդիսաւոր ճաշկերոյթի առիթով ի մասնաւորի գնահատանք յայտնելով յարգարժան Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններուն` Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ անոնց բարի ձեռնարկներուն, եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ ծրագիրներու համար սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն: Բարձրօրէն գնահատելով Թրբանճեան ընտանիքի մեծ վաստակը ազգային-եկեղեցական անդաստանին մէջ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տիար Ժիրայր Թրբանճեանին շնորհեց «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» հայրապետական բարձր շքանշանը: