Հայրենիքը Սահմանէն Կը Սկսի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/քննարկում-1.jpg)
Օրերս ԵՊՀ- ի մէջ տեղի ունեցած է «Հայրենիքը սկսուում է սահմանից» գիրքի քննարկումը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Արփի Սէթրակը, գիրքի հեղինակ` Տաթեւ Սուքիասեանի համար ասիկա առաջին աշխատանքն է: Գիրքը բաղակացած է 2 վիպակէ: Դէպքերը տեղի կ’ունենան Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, սակայն հեղինակը անմիջական դէպքերը չէ ներկայացուցած, այլ հերոսներուն տարբեր իրավիճակներու մէջ դնելով` բարձրացուցած է որոշ խնդիրներ: Տաթեւի եղբայրն այդ ժամանակ եղած է ծառայութեան մէջ եւ նոյնպէս մասնակցած է պատերազմին:
Հեղինակն ըսած է, որ գիրքը գրած է 10 օրուան ընթացքին ու նոյնիսկ պատահած է, որ գիշերները աշխատած է:
Ուսանողները ընթերցած էին գիրքը եւ հեղինակին հետ քննարկած զայն: Գիրքի վաճառքէն գոյացած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի սահմանամերձ զօրամասերուն:
Լուսանկարները` հեղինակին