Ձեռակերտ Արուեստի Եւ Կենդանի Պատկերներով Աշխատանքներու Պատրաստման Եզակի Ցուցահանդէս Նոր Ջուղայի ՄԷջ. լուսանկարներ

Հոկտեմբեր 19-ին եւ 20-ին հովանաւորութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան ծայրագոյն վրդ. Քեչեճեանի եւ կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան  Մշակութային միաւորի, նոյն միութեան հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ գեղեցիկ մտայղացմամբ տեղի ունեցաւ արուեստի  զանազան ճիւղերու բացառիկ նմուշներու ցուցահանդէս, որ զուգորդուած էր նոյն աշխատանքներու պատրաստման կենդանի  ցուցադրութեամբ`վարպետներու միջոցով:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, ձեռնարկը նուիրուած էր Սրբոց թարգմանչաց եւ Հայ մշակոյթի օրուան, որուն բացումը կատարուեցաւ թեմակալ առաջնորդի ձեռամբ: Ցուցահանդէսի բացման ծրագիրին հրաւիրուած եւ ներկայ էին  Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա ծայրագոյն վրդ. Գուճանեան, քահանայից դասի, ազգային իշխանութեան եւ ազգային այլ մարմիններու ու Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ եւ միութենականներ:

Ներկաները ողջունեց  հաղորդավարուհի Մեղրի Ղուկասեան եւ հակիրճ  բնութագրականով անդրադարձաւ ազգերու ու ժողովուրդներու մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան զարգացման նպաստող  արուեստի անգնահատելի դերին եւ կեդրոնացաւ հայկական համայնքներուն մէջ յատկապէս` Նոր Ջուղայի մէջ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պահպանման ու զարգացման եւ բացատրեց ցուցահանդէսին ներկայացուած աւանդական եւ նորաձեւ արուեստներու մասին, որմէ ետք երիտասարդներուն միջոցով ներկայացուեցաւ հին ու նորաձեւ զարդարանքի, հարսանեկան  պարագաներ:

Բեմային ծրագիրի աւարտին ներկաները շրջեցան ցուցահանդէսով եւ դիտեցին  արուեստի անզուգական նմուշներ եւ տուեալ ճիւղի վարպետներէն ստացան տեղեկութիւններ` պատրաստման  եղանակի  եւ  օգտագործուած նիւթերու մասին: Ցուցահանդէսն իր շքեղութեամբ եւ այն, որ արուեստի զանազան ճիւղերու վարպետները համախմբած էր  միութեան յարկին ներքոյ, կը վկայէր կատարուած կազմակերպչական եւ միասնական ու անշահախնդիր հսկայական եւ դժուարին աշխատանքի մասին , որ Սփիւռքի պայմաններուն ամենայն վստահութեամբ պէտք է որակել իր տեսակին մէջ եզակի եւ բացառիկ  նախաձեռնութիւն:

Երկօրեայ ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ ոչ միայն համայնքի անդամներուն, այլ նաեւ ցուցահանդէս այցելած եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն կողմէ, որ զարմանք եւ հիացմունք պատճառեց անոնց:

Նշենք, որ ցուցադրուած արուեստները կը ներկայացնէին հետեւեալ  վարպետները` ոսկերչութիւն եւ  արծաթագործութիւն` Զարեհ Յովսէփեան, Ռազմիկ Յովսէփեան եւ Ալֆրետ  Միրջանեան, հարսանեկան զարդանախշած շաքար` Արփինէ Խաչիկեան, կանաչ-կարմիր` Շաքէ Ղարիբեան, Մարաշի ասեղնակար` Երանուշ Թահմազեան  ,Ջուղայի ֆիլա` Իզապէլ Կարապետեան, զարդարանքի պարագաներ` Շաքէ Մովսիսեան, գորգագործութիւն` Ծաղկուշ Ափելեան, մաքուքագործութիւն` Հերմինէ Այվազեան, կեռասեղնագործութիւն` Կարինէ Մինասեան, շուրջառ` Անահիտ Աղախանեան, ասեղնագործութիւն` Լիտա Սիմոնեան, փայտագործութիւն` Սարօ Տէր-Մարտիրոսեան, գիրքի կազմարարութիւն` Հրաչ Տէր- Յովհաննիսեան եւ Անի Շահիջանեան, ձեռքի տպագրութիւն (մետաղեայ կաղապարներով)` Գեղանի Առաքէլեան , նկարչութիւն` Մետաքսիա Միրզայեան եւ անոր  սաները, քարագործութիւն` Սուրէն Մինասեան եւ ջուղայեցիններուն յատուկ Եուխա կոչուող թխուածքի պատրաստում` Լինա Յարութիւնեան, նաեւ ջուղայեցու հարսանիքներու անբաժան քաղցրաւենիքներ` լովզը եւ թութը, որոնցմով հիւրասիրուեցան այցելուները:

Աւելցնենք, որ հոկտեմբեր 27-ին Մշակութային միաւորի վարչութիւնը  կազմակերպած էր ընդունելութիւն` ի պատիւ ցուցահանդէսի մասնակիցներուն եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցութիւն ցուցաբերած միաւորի «Կռունկ» համոյթի պատախանատուներուն, որուն ընթացքին շնորհակալագիրներով եւ ցուցահանդէսի բացման ծրագիրի սկաւառակներով պարգեւատրեց մասնակիցները, իսկ Մշակութային միաւորի «Կռունկ» համոյթի ասմունքի բաժինի ղեկավար Ռիմա Սիմոնեանին  յանձնեց նաեւ ծաղկեկողով` ցուցահանդէսի մտայղացումը ներկայացնելու համար:

Լուսանկարները` հեղինակի եւ Գեւիկ Խաչատրեանի

Scroll Up