Հանդիպում Սիպիլի Եւ Անտրէի Հետ

Ասպարէզ- Հոկտեմբեր 16ին, Երկուշաբթի երեկոյեան, Պոլսահայ միութիւնը հրաւիրած էր անուանի երգչուհի Սիպիլն ու հայազգի երգիչ Անտրէն, միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահը, հարցազրոյցի եւ ընդունելութեան երեկոյի մը համար։ Հրաւիրուած էին նաեւ Համազգային Մշակութային Միութեան եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, միութեան անդամներ եւ բարեկամներ:

Բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց միութեան ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըլիաչ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ երգիչներուն՝ սոյն հրաւէրը չմերժելու համար, նշելով, որ ասիկա ընտանեկան հաւաքոյթի բնոյթ ունի՝ մտերմիկ շրջանակի մը մէջ: Ան յաջողութիւն մաղթեց յաջորդ Կիրակի կայանալիք համերգին՝ զայն որակելով «գաղութային համերգ» մը:

Նիու Եորքէն, Պոսթընէն եւ Շիքակոյէն ետք, Սիպիլ կը գտնուէր Լոս Անճելըս: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Պոլսահայ միութեան եւ Համազգային այս համագործակցութեան համար, եւ նշեց, թէ իր ձայնագրութիւնները կատարուած են Պոլսոյ մէջ, իսկ Անտրէի ձայնագրութիւնները՝ Հայաստանի մէջ: Սիպիլին հարց տրուեցաւ Պոլսոյ մէջ յեղափոխական երգեր երգելու քաջութեան մասին։ Ան պատասխանեց, թէ թրքական TRT կայանէն իրեն առաջարկ մը եկած էր տարի մը առաջ, նշանաւոր քլարինէթ (աւագասրինգ, Խմբ.) նուագողի մը կողմէ, որ կը փափաքէր իր յայտագիրին մէջ հայերէն երաժշտութիւն ներառել: Ուստի, Սիպիլ հաւաքեց հայ երաժիշտներէ հայերէն երգեր, որոնք երգուեցան ու սփռուեցան թրքերէն ենթագրութիւններով, եւ այս պարագան պատմութեան անցաւ:

Հարց տրուեցաւ նաեւ, թէ արդեօք անոնք կը գիտակցի՞ն, որ այս երգչուհին հայուհի մըն է, եւ թէ թրքական մամուլը կ՛անդրադառնա՞յ, որ հայուհի մը իր ներդրումը կը բերէ երկրի զարգացման գործին: Սիպիլ պատասխանեց, թէ իր հարցազրոյցները եւ մասնակցութիւնը արդէն իրօք փաստեր են՝ աւելցնելով, որ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ լեզուով կ՛երգեն։ Ան յայտնեց, թէ իր կարծիքով՝ ինք յաջողած է այս գործին մէջ:

Սիպիլ նաեւ նշեց, որ շատ մեծ յուզմունք եւ բերկրանք ապրած է, երբ «Նամակ»ը առաջին անգամ դիտած է թրքական հեռատեսիլէն: Երգչուհին կը հաւատայ, որ երաժշտութիւնը համամարդկային արժէք է, եւ ինքն իր երգերով կը փորձէ մարդասիրութիւն, հայրենասիրութիւն ու համերաշխութիւն սերմանել:

Գալով Անտրէին՝ ան յայտնեց, թէ այս աշխատանքը վերջինը պիտի չըլլայ, տրուած ըլլալով, որ մենք ունինք ուժեղ համայնքներ, որոնք կը պահպանեն հայ դպրոցն ու եկեղեցին եւ ամենակարեւորը՝ հայ մշակոյթը, հայ երգն ու պարը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հրաւէրին համար:

Հարց տրուեցաւ Անտրէին, թէ ինչպէ՞ս սկսած է իր երգարուեստի ճանապարհորդութիւնը: Ան ըսաւ, որ իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է կանուխ տարիքէն: Ան ծնած է Ստեփանակերտ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ: Փոքր տարիքէն իսկ իր ընտանիքը նկատած է, թէ ան մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ երաժշտութեան հանդէպ։ Արցախեան պատերազմին ընթացքին Անտրէն ելոյթ ունեցած է «Արցախի բալիկներ» մանկապատանեկան համոյթին հետ: Երբ ան 15 տարեկան էր, մասնակցած է «Ճանապարհ դէպի վերածնունդ» երաժշտական մրցոյթին։ Տարիներ անց, Անտրէ սկսած է հանդէս գալու իբրեւ անհատ երգիչ՝ «Ղարաբաղ» կոչուող փոփ-ճազային խումբին մէջ։ Ան շրջագայած է Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններ՝ իր խումբին հետ միասին։ Երգելու հետ մէկտեղ, Անտրէ նաեւ խաղացած է Ստեփանակերտի Տրամաթիկական թատրոնի շարք մը ներկայացումներու մէջ։

Հակարակ անոր որ Անտրէի ծնողները կ՛ուզէին, որ իրենց տղան բժիշկ դառնայ, Անտրէ կ՛երազէր երգիչ դառնալ։ 1998ին անոր երազանքը իրականացաւ։ Ան դարձաւ Երգի պետական թատրոնի անդամ, եւ այնտեղ մնաց մինչեւ 2002։

Աւարտին, Համազգայինի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վիլմա Գույումճեան իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան հետ գործակցաբար սոյն ձեռնարկը մէջտեղ բերելու առթիւ, որուն ընթացքին միասնաբար աշխատակցելով՝ անոնք իրարու մօտէն ծանօթացան, նորութիւններ սորվեցան եւ իրարու հետ հաղորդակցեցան, ինչ որ մեծ արժէք կը ներկայացնէ երկու միութիւններուն համար: Թէեւ տարբեր գործելաձեւեր ունեցող միութիւններ են անոնք, սակայն նպատակը նո՛յնն է՝ հայ մշակոյթը:

Հարցազրոյց-հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ նկարահանում:

ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

Scroll Up