Դուք Ուր կ՞ուզէք Գացէք…. Ես Հայաստան Պիտի Երթամ

Պատանի Շահէն մօտաւորապէս 15 տարեկան, արտաքնապէս յաղթանդամ, մաքուր ու կոկոկ հագած,  խանդավառ, ժպտերես ու մարդամօտ պատանի մըն է, որուն ծանօթացայ պատահմամբ՝ հաւաքոյթի մը ընթացքին: Անոր ծնողները հալէպցիներ են, որոնք Սուրիոյ մէջ երկար տարիներ ապրելէ ետք, Հալէպի մէջ  ծայր առած խնդիրներու պատճառով լքած էին իրենց բնօրրանը, եւ մեկնած՝ Հայաստան, ուր ապրած էին երեք տարիներ շարունակ. իսկ հիմա, անոնք եկած են  Լիբանան՝  ուրիշ սուրիահայերու նման եւ կը սպասեն որպէսզի մեկնին Գանատա, կամ Աւստրալիա, կամ… Աստուած գիտէ ո՞ւր:

Վերջերս, կրկին հնարաւորութիւն ունեցայ հանդիպելու այս ընտանիքի անդամներուն, այս անգամ իմ գրասենեակիս մէջ: Անոնք եկած էին խնդրելու իմ բարեխօսութիւնը, որպէսզի իրենց «Մէկ հատիկը» արձանագրեն հայկական դպրոց՝ եթէ հնարաւոր է անվճար դրութեամբ, որովհետեւ անոնք հիմա ունէին հասկնալի վիճակ ու նամանաւանդ սահմանափակ եկամուտ: Թէեւ, հալէպի մէջ, ընտանիքին հայրը ունեցած է լաւ դիրք, տուն ու տեղ,  քաղաքի կեդրոնին մէջ վաճառատուն, ինքնաշարժ… եւ սակայն, այդ բոլորը հիմա ցնդած են օդը, կը պատկանին անցեալին, որովհետեւ բոլորն ալ գոյութիւն չունին ու հրոյ ճարակ դարձած են վանտալներու խոստացած «Արաբական գարուն» հրդեհին հետ:

Անոնք, հիմա կ’ապրին Պէյրութի հայաշատ թաղի մը մէջ եւ միայն ընտանիքի հայրն է որ կ’աշխատի տեղ մը, տան օրապահիկը հոգալու համար, մեծ դժուարութեամբ:

-Գիտէ՞ք, հակառակ անոր, որ կ’աշխատիմ օրական գրեթէ 10 ժամ, բայց ամսական եկամուտս շատ քիչ է, ունինք տան վարձք, ելեկտրականութիւն, ջուր, հեռաձայն, ճանապարհածախս. ուստի այս բոլորի վրայ չեմ կրնար կրթաթոշակ ալ վճարել: Ի՞նչ կրնամ ըսել, մեր ճակատագիրը այսպէս է եղեր: Մենք, հանգիստ էինք մեր քաղաքին մէջ, ունէինք ամէն հանգստութիւն, գործ, աշխատանք, վայելք: Քանդեցին մեր տունն ու տեղը, թող Աստուած ալ քանդէ իրենց տունը,  ըսաւ Շահէի հայրը, որ քառասունի մօտ լուրջ ու բարի մարդ մըն է:

-Ես շատ լաւ կը հասկնամ Ձեզի, ծանօթ եմ շատ մը հալէպահայերու կեանքի պայմաններուն, պիտի ջանամ կարելիս ընել՝ օգտակար ըլլալու համար Ձեր զաւկին: Ան, մե՜ղք է, անպայման պէ՛տք է շարունակէ ուսումը, պէ՛տք է դպրոց երթայ, չզրկուի այդ միջավայրէն:  Այդպէս չէ՞ Շահէ, կը սիրես դպրոցը, չէ՞..:

Նոյն վայրկեանին սթափեցաւ պատանին, աչքերը լայն-լայն բացաւ, նայեցաւ ինծի, ապա ծնողներուն ու քիչ  մը շուար, քիչ մ’ալ թախծոտ,  համարձակութիւն հաւաքելով ըսաւ.

-Այո, ես շատ կը սիրեմ ուսանիլ, շատ կը սիրեմ դպրոց երթալ, Հալէպի մէջ կանոնաւոր կերպով կը յաճախէի դպրոց, աւարտեցի վեցերորդ դասարանը, սակայն Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով կէս մնաց ուսումս: Երբ գացինք Հայաստան, Երեւանի մէջ ալ երեք տարի դպրոց յաճախեցի եւ յաջողակ ուսանող էի: Հայաստանի մէջ ուրախ էի, ունէի ընկերներ ու միջավայր,  դասերուս կողքին կը հետեւէի նաեւ ջութակի մասնաւոր դասերու: Սակայն, ահա դարձեալ կէս մնաց ուսումս, կէս մնացին երազներս: Կ’ուզէի երաժիշտ դառնալ, բայց ծնողներս ուզեցին հետեւիլ այլ հալէպահայերու քայլերուն եւ անոնք ալ որոշեցին  Գանատա երթալ,  ու ստիպուած կրկին անգամ քանդելէ ետք տուն ու տեղ, եկանք հոս, հիմա գաղթական ենք, շուարա՜ծ..:

Հոս, պատանի Շահէին դէմքի արտայայտութիւնը արագ մը փոխուեցաւ, ան կէս մը վշտոտ եւ կէս մը ջղային, շրթունքները խածնելով  նայեցաւ հօրը, նայեցաւ մօրը, ապա դէմքի աղաչական արտայայտութեամբ մը նայեցաւ ինծի, կարծես բան մը ակնկալելու սպասումով ու յոյսով, եւ… այդ պահուն անոր աչքերէն վար սկսան իջնել արցունքի կաթիլներ:

Տխուր էր տեսարանը: Յուզուած էի նաեւ ես, բայց գրեթէ անկարող էի: Ջանացի մխիթարական մի քանի խօսք ըսել ու հանդարտեցնել պատանին, բայց անօգուտ: Ան կը շարունակէր հեկեկալ ու թեւի ծայրով սրբել գլտորող արցունքները:

-Մի՛ լար, տղա՛ս, մի՛ լար, ինչո՞ւ կու լաս, վաղը Գանատա կամ Աւստրալիա նորէն կը շարունակես ուսումդ: Ի՞նչ ընենք, մեր ճակատագիրը այսպէս գրուած է եղեր, մի՛ յուզուիր: Սպասենք քիչ մը եւս, չէ՞ որ պէտք է համբերել: Շատ մը հալէպահայեր արդէն գացին, մենք ալ կ’երթանք օր մը, դարձեալ տուն-տեղ կ’ըլլանք, մի՛ նեղուիր, աղուոր տղաս, Աստուած մե՜ծ է… ըսաւ պատանիին հայրը, կամաց ու կէս մը վրդոված:

-Սպասենք քիչ մը ե՞ւս… դեռ որքա՞ն: Արդէն հինգ ամիսներէ հոս ենք, դեռ որքա՞ն պիտի սպասենք: Յոգնեցանք սպասելէն: Հայաստանի մէջ հանգիստ էինք, դուն կ’աշխատէիր, գործդ լաւ էր, ուրիշներու պէս անգործ չէիր, ես ալ ուրախ էի, ինչո՞ւ խանգարեցիք մեր կեանքը, ինչո՞ւ  տարուեցաք ուրիշներու խօսքերէն: Մենք ի՞նչ կ’ուզէինք ուրիշ հայերէն: Անօթի չէինք, մերկ ալ չէինք..:

-«Աստուած մեծ է»- ըսինք, տղաս, համբերէ, մի՛ յուսահատիր, դուն քաջ ես, գիտես համբերել: Սպասէ՛, մենք ալ կ’երթանք ու դուն կրկին կը շարունակես կիսատ մնացած ուսումդ եւ օր մըն ալ մեծ մարդ կ’ըլլաս, մե՜ծ…: Այս խօսքերէն ետք, մայրը մօտեցաւ զաւկին, գրկեց ամուր – ամուր, համբուրեց կաթոգին եւ մօր այտերէն ալ ինկան արցունքի շիթեր:

Գրասենեակս թատերաբեմ եղած էր սրտաճմլիկ տխուր տեսարանի մը, ինչ որ ինծի համար երբեք հաճելի չէր: Վայրկեանական ուզեցի ստեղծուած վիճակին վերջ տալ եւ անպայման փոխել նիւթը:

-Դուն հայերէն ընթերցանութիւն կը սիրե՞ս, եթէ կը սիրես, կրնամ քեզի մի քանի գիրքեր տրամադրել,  որպէսզի կարդաս, զբաղիս: Նաեւ քեզի պիտի տամ իմ գիրքերէս ալ, յուսամ կը սիրես զանոնք.  կ’ըլլա՞յ, ըսի քիչ մը խնդալով, միաժամանակ փոխելու համար իր հոգեկանը ու տրամադրութիւնը:

Շահէն գլուխը բարձրացուց վեր, նայեցաւ ինծի անխօս եւ քիչ մը բարձրաձայն ըսաւ.

-Պարոն, ես կարդալ շատ կը սիրեմ, արտասանել ալ շատ կը սիրեմ: Կը սիրեմ նաեւ երգել… բայց ահա այս բոլորը ծնողքս ջուրը թափեցին ու կը պատրաստուինք երթալ, ո՞ւր, ես ալ չեմ գիտեր…. Գանատա՞… Աւստրալիա՞… Աստուած գիտէ… ծնողներս ալ չեն գիտեր ուր, միայն գիտեն մէկ բան. «Հայաստանի մէջ ապագայ չկայ… պէտք է գաղթենք», այսինքն, երեք տարի Հայաստան ապրելէ ետք պիտի երթանք անորոշ աշխարհ… ապագայ փնտռելու: Հալէպի մէջ, տարիներ շարունակ մեր տան մէջ «Հայաստան պիտի երթանք օր մը», կ’ըսէին բոլորը, եկաւ այդ օրը, գացինք Հայաստան եւ հիմա՝  Հայաստանն ալ լքեցինք ու կը պատրաստուինք երթալ  օտար աշխարհ՝ հայութենէ ալ պարպուելու: «Չէ, կը ներէք, ես օտար երկիր պիտի չերթամ, դուք ուր կ’ուզէք գացէք, ես Հայաստան պիտի վերադառնամ, հասկցա՞ք… չէ՛ք կրնար ինծի ստիպել, որոշած եմ, իմ ապագաս հո՛ն է, հո՜ն, հասկցէ՜ք..»:

Շահէն յանկարծ ջղային շարժումով մը ելաւ ոտքի, ծուռ ծուռ նայեցաւ հօրն ու մօրը եւ կէս մը բարձրաձայն ըսաւ.

-Դուք հայրենասէր հայեր չէք, դուք ազգասէր մարդիկ չէք, դուք զիս չէք սիրեր երբեք, եթէ զիս սիրէիք կը մնայիք Հայաստան, կը ձգէիք որ շարունակէի ուսումս, մա՛րդ դառնայի, հայ մնայի, հայ մեծնայի:  Իսկ հիմա՞, կը ստիպէք ինծի, որպէսզի օտար աշխարհներ երթամ, ո՛չ, պիտի չերթամ, պիտի չօտարանամ, հայ պիտի մնամ..:

Հոս, արդէն լրջացած ու հասուն մարդու կերպարանք առած էր մեր դեռահաս պատանին, զարմացնելով զիս: Քիչ ետք, երբ բոլորս քարացած էինք ու լուռ, ան դիմեց ինծի.

-Պարո՛ն, կրնա՞ք ինծի օգտակար ըլլալ որպէսզի ետ Հայաստան վերադառնամ… խղճացէ՛ք ինծի, օգնեցէ՛ք ինծի, փրկեցէ՛ք զիս, Աստուծոյ սիրոյն, կ’աղաչեմ… ես Գանատա պիտի չերթամ, պիտի չերթաաաամ… իմ հայրենիքս Հայաստանն է:

Պատանիին հայրն ու մայրը, ինչպէս նաեւ ես, շուարած էինք: Իրարու երես նայեցանք քիչ մը յուսահատ, քիչ մը ճարահատ ու գրեթէ ապշած: Ես, ներքնապէս կը զգայի թէ գոհ եմ այս վիճակէն, որովհետեւ դէմս կանգնած էր ոչ թէ անորոշ ու անտարբեր պատանի մը, այլ գիտակից ու համոզումի տէր երիտասարդ մը, որ կը նախընտրէր երթալ իր պապերուն հայրենիքը, քան թէ օտար ափեր: Ան, րոպէական մեծցաւ աչքիս, ան սովորական իմ ճանչցած պատանին չէր, այլ հասուն տղամարդ մը, որ գիտէ կողմնորոշուիլ: Իր խօսքերէն ետք անմիջապէս գրասեղանիս ետեւէն ելայ, արագ մը մօտեցայ իրեն, ձեռքս գուրգուրանքով դրի անոր ուսին, շոյեցի անոր հպարտ գլուխը, նայեցայ փոթորկոտ կայծկլտող հայու աղուոր աչքերուն եւ կարմրած դէմքին, ու ըսի հանդարտ-հանդարտ.

-Նստէ՛, տղա՛ս, նստէ ու հանդարտէ, ես կը խօսիմ ծնողներուդ հետ, լուծումի մը կը յանգինք, վստա՛հ եղիր: Մի՛ մոռնար, որ դուն ծնողքիդ «Մէկհատիկ»-ն ես, իրենց աչքին լոյսը, իրենց կեանքը, հարստութիւնը, ամէն ինչը, չէ՞..: Անոնք չեն կրնար քու փափաքդ անտես առնել, բան մը կը մտածեն, համբերէ քիչ մը եւս..:  Իսկ ինչ կը վերաբերի հայկական վարժարան յաճախելու փափաքիդ, ան կ’իրականանայ անպայման, կարելիս կ’ընեմ, այսօր իսկ կը զանգահարեմ ու կը դասաւորուի դպրոցիդ հարցը: Վաղը զանգեցէք, կը ստանաք իմ պատասխանը: Նման հարցեր երկար ժամանակի չեն կարօտիր, կը լուծուին արագօրէն:

Բնականաբար, հետզհետէ մեղմացաւ ելեկտրականացած  մթնոլորտը: Պատանի Շահէին հայրն ու մայրը այլանդակած այս անսպասելի պատահարէն, ակամայ ոտքի ելան. անխօս էին, շուար, չէին գիտեր ինչ ընեն: Մօտեցան ինծի՝ հանդարտ ու դանդաղ քայլերով: Փոխանակեցինք հեռաձայնի թիւերը: Ես օգտագործելով պահը, Շահէին տուի հայ գրողներու գործերէն մի քանի գիրք,  որմէ ետք  կամացուկ մը «մնաք բարով» ըսին ու երեքով գլխիկոր, գրեթէ անխօս ու անձայն  հեռացան գրասենեակէս:

Յաջորդ առաւօտ լուծուած էր Շահէի դպրոցական հարցը եւ այս պարագան տեղեկացուցի իրենց, որուն համար մնացին շնորհակալ: Այդ հեռաձայնէն ետք երկար ժամանակ, գրեթէ հինգ-վեց ամիս լուր չունեցայ հալէպահայ այս ընտանիքէն: Օր մըն ալ, ձմեռնային անձրեւոտ օր մը հեռաձայնս հնչեց: Վերցուցի, անծանօթ չէր ձայնը.

-Բարեւ պարոն, Շահէն է խօսողը, ճանչցա՞ք, անգամ մը եկած էինք Ձեր մօտը, Հալէպէն..:

-Այո, յիշեցի՜, Շահէն ես, տակաւին հո՞ս էք, հրամմէ, ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ քեզի:

-Կ’ուզեմ անպայման Ձեր մօտ գալ, արդեօ՞ք կրնաք ընդունիլ զիս:

-Երբ որ ուզես հրամմէ, սիրով, ես խմբագրատունն եմ:

-Հիմա կրնա՞մ գալ, կրնա՞ք զիս ընդունիլ, անշուշտ եթէ զբաղած չէք:

Համաձայնութեանս վրայ մի քանի վայրկեան ետք եկաւ պատանին: Կարծես աւելի մեծցած ու երիտասարդ դարձած էր: Արտաքնապէս լաւ տրամադրութեան մէջ կ’երեւէր, որովհետեւ ուրախութեամբ կը փայլէին անոր հայու սեւուլիկ  աչքերը: Բարեւեց  քաղաքավարօրէն եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու ըսաւ.

-Պարոն, շատ ուրախ եմ, որովհետեւ վաղը ընտանեօք կը ճամբորդենք Հայաստան, բայց՝  վերջնականօրէն: Մինչեւ հիմա Աւստրալիայէն պատասխան մը չեկաւ,  իսկ Գանատացիք ալ «քիչ մը եւս պիտի համբերէք, մինչեւ նոր կարգադրութիւն», ըսին: Հայրս, համոզուեցաւ, որ սպասումը ժամավաճառութիւն է, եւ այլեւս յոյս ու հաւատք չունի այդ մարդկանց վրայ:  Անցեալ շաբաթ, երկար բարակ մտածելէ ետք, ան յանկարծ որոշեց վերադառնալ Հայաստան:  «Չէ, բաւական է այսքան չարչարանք, այսքան խայտառակութիւն: Համոզուեցայ, որ մեզի համար միակ վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է»- ըսաւ հայրս: Չէք գիտեր, որքան ուրախացայ, սկիզբը չէի հաւատար ականջներուս: Ճիշդ է, տարի մը կորսնցուցի իմ ուսումէս, բայց պիտի երթամ ու անպայման պիտի շարունակեմ դպրոցս: Եկայ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ «մնաք բարով»  ըսելու Ձեզի: Ուրախ էք, չէ՞..: Ամէն պարագայի, ըսեմ, որ Ձեր տուած բոլոր գիրքերն ալ կարդացի եւ որպէս յիշատակ հետս Հայաստան պիտի տանիմ զանոնք, վնաս չունի՞, տանի՞մ:

Յուզումս եւ ուրախութիւնս միախառնուած էր: Սիրտս կը բաբախէր արագ-արագ: Պահ մը մնացի լուռ, գրեթէ անխօս, ու դիտեցի անոր  ուրախութենէն պայծառացած դէմքը: Իր խօսքերէն ետք ամբողջ սրտով գրկեցի զինք եւ ըսի.

-Տեսա՞ր  տղաս, ծնողներդ քեզ որքա՜ն կը սիրեն, պէտք է գնահատես անոնց այս կեցուածքը. ապա,  յաջողութիւն մաղթեցի եւ մի քանի խորհուրդ տալէ ետք ճամբեցի հայրենասէր երիտասարդը:

Անոր մեկնումէն ետք, երբ առանձնացած գրասենեակիս մէջ կը խոկայի, շշնչացի մեղմիւ.

-Երանի թէ բոլորի պարագային կարաւանները բռնէին  յոյսի եւ լոյսի ճիշդ ճանապարհը..:

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 

 

Scroll Up