Յակոբ Օշականին Եւ Անոր Գործերու Լոյս Ընծայման Սատարող Մեկենասներուն Նուիրուած Գրական Իւրայատուկ Երեկոյ

«Գիրք մը երբեմն այնքան բարիք կ’ընէ, որքան չեն ըրած տասը ժամ եւ հինգ դպրոց միասին: Քաղքենին, երէկուանը, մեր երկրին մէջ եկեղեցի ու վարժարան կ’երազէր, բայց ժլատ չափազանց` գիրքին հանդէպ: Չեմ մօտենար անոր մտայնութեան հանդէպ գրողին, կարմիր կու գայ աչքերուս: Նոր քաղքենին գուցէ կ’անգիտանայ իր ժեսթին տարողութիւնը: Աւելորդ չէ յիշեցնել իրեն, թէ մագաղաթը աւելի կ’ապրի, քան մարմարը: Ի՞նչ է եկած մեզի մեր պատմութենէն, անոր այսպէս ըսուած փառքերէն, քանի մը գիրքերէ դուրս: Ու ի՞նչն է նորէն, որ այսքան կործանումներէ յետոյ, քանդուած ծիածանի մը նման մեր գլուխներուն կը յամառի թրթռալ ու տեւել: Ունի՞նք աւելի կախարդ յուռութք մը, քան մեր գրականութիւնը: Որ մեր տղաքը կապէ մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին: Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, նեցուկ կը կապեն մեր հոգիներու խորտակուած սիւներուն»:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

«Զուարթնոց», 1930

Վիպագիր, թատերագիր, քննադատ, գրականութեան պատմիչ եւ գրականութեան ուսուցիչ, հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ունեցած մեծն Յակոբ Օշականի այս մտածումներն ու արժեւորումները  շուրջ 80 տարիներ ետք կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը: Արդարեւ, գրողներուն գործերը մէկտեղելու, խմբագրելու եւ տպագրութեան պատրաստելու հսկայ եւ աննկարագրելիօրէն շնորհակալ աշխատանքը կը յամենայ խմբագիրին գզրոցներուն մէջ, եթէ զայն լոյս աշխարհ բերող եւ հանրութեան ներկայացնող մեկենաս մը գոյութիւն չունենայ: Տարբեր չէ պարագան նաեւ նոր հեղինակուած գիրքերուն, որոնց արժէքը որքան ալ մեծ ըլլայ ու կարեւոր, կը դատապարտուին մնալու արխիւային վիճակի մէջ:

Բարեբախտութիւնը այն է, որ կա՛ն այդ նախաձեռնութիւնը կատարողներ, կա՛ն Յակոբ Օշականի հաստատումին հաւատացողներ, կա՛ն գիտակցողներ, որ «մագաղաթը աւելի կ’ապրի, քան մարմարը»… Թերեւս հակառակին հաւատացողներէն նուազ ըլլան թիւով, սակայն վստահաբար իրենց դերակատարութեան եւ ունեցած ներդրումով շատ աւելի արժէքաւոր տեղ եւ յաւերժութեան առաջնորդող նախաձեռնութեան տէրեր պիտի ըլլան անոնք հայ իրականութեան մէջ:

Այս մարդոց նկատմամբ յարգանքի ու շնորհակալութեան արտայայտութիւններէն անդին երթալով, իրենց նուիրուած նախաձեռնութիւն մը կատարելով` իրենց ներդրումն ու կատարած յատկացումներուն անմահութիւնը շեշտադրելու ու լուսարձակի տակ առնելու մասին հաւանաբար շատ քիչ մտածուած է կամ չէ մտածուած: Սակայն երբ մտածենք, որ նման քայլ մը որքան խոր իմաստ եւ կարեւորութիւն կը պարփակէ, երբ գիտակցինք, որ այդ մեկենասներուն շնորհիւ է, որ մենք այսօր մեր ձեռքերուն մէջ ունինք մեծ գրողներու այնպիսի գործեր, որոնք դատապարտուած էին երկար ատեն մութին մէջ մնալու, երբ հաւատանք, որ զանոնք արժեւորելը ամբողջ գրականութեան եւ գիրքերու «ընտանիքի» մը արժեւորումը կը նշանակէ, կը զգանք, թէ իսկապէս նման նախաձեռնութիւն մը մեծ խորհուրդ կը մարմնաւորէ:

Յակոբ Օշականի արժանաւոր աշակերտ, գրագէտ, մտաւորական, խմբագիր, դաստիարակ եւ Յակոբ Օշականի գործերու հրատարակութեան հետեւողականօրէն հետամուտ Պօղոս Սնապեանէն ծնունդ առնող նման նախաձեռնութիւն մը զարմանալի չէր, ոչ ալ` անակնկալ, որովհետեւ Սնապեան միշտ ալ փաստած է, որ ամէնէն աննշան արժէքին դիմաց անգամ կ’արժէ կանգ առնել, կ’արժէ գնահատել եւ քաջալերել: Ալ ո՛ւր մնալ Յակոբ Օշականի գիրքերու մեկենասութիւնը ստանձնած անձերուն նկատմամբ…

Յակոբ Օշական եւ Յակոբ Օշականի հատորէ դուրս մնացած վերջին վեց-եօթը գիրքերու հրատարակութեան ետին կանգնած Զոհրապ եւ Հրաչ Գըւըրեան եղբայրներուն նուիրուած գրական-բարեկամական երեկոյի մը կազմակերպումը ա՛յդ արժեւորումը կատարելու, երախտագիտութիւն յայտնելու եւ մեծ գրագէտը անգամ մը եւս պանծացնելու յարմար առիթ էր:

14 հոկտեմբերին Այնճարի «Արեւ» ճաշարան-հանդիսասրահն էր ժամադրավայրը, անպաշտօն գրական-բարեկամական հանդիպում մը` Յակոբ Օշականի գիրքերու մեկենասներուն բաղձանքով եւ ներկայութեամբ քաղաքային, կրօնական եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, գրագէտներու, մշակութային մարդոց, գրասէր բարեկամներու, ուսուցիչներու, տնօրէններու:

IMG_2723

Հանդիպումին բացումը կատարեց ու ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Պօղոս Սնապեան, որ անդրադառնալով իր եւ մեկենաս Զոհրապ Գըւըրեանին միջեւ հաստատուած կապին` յիշեց Պուրճ Համուտի Նուպարեան վարժարանին մէջ իրեն աշակերտած Զոհրապ Պալեանը, որ երկար ժամանակ Պէյրութէն հեռանալէ ետք, կրկին այցելած էր իրեն «Բագին»-ի յարկին տակ ու զրուցած էին գիրքերու մասին: Զ. Պալեան հարցուցած էր, թէ  տպագրելիք ունի՞ նախկին ուսուցիչը, եթէ այո` անոնցմէ մէկուն մեկենասութեան դասաւորումը խնդրած է իրեն վստահի, որովհետեւ բարեկամներու միջոցով հնարաւոր է այդ մէկը կատարել: Խոստումը երկու օր ետք յարգուած էր արդէն, եւ Զոհրապ Գըւըրեան իր եւ Հրաչ եղբօրը անունով ստանձնած էր գիրքին մեկենասութիւնը:

Ապա Պօղոս Սնապեան խօսեցաւ տեսական գրականութեան մէջ Յակոբ Օշականի գերագոյն գիրքը նկատուող  «Անգղին կտուցին տակ» հատորին լոյս ընծայման վերաբերող դժուարութիւններուն մասին, որոնք ծագած էին անոր մեկենասութիւնը ստանձնած բարեկամի մը մահուան լոյսին տակ: Թէեւ կապ հաստատուած էր այդ անձնաւորութեան հարազատներուն հետ, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած էր անոնցմէ: Սնապեան դիտել տուաւ, որ ինք մեծ աշխատանք չէր տարած այդ առնչութեամբ այլ բարերար մը գտնելու, որովհետեւ ուզած էր իր բարեկամին անունով հրատարակուի Օշականին գիրքը: Այս դէպքէն 35 տարի ետք, երբ Գըւըրեան եղբայրները կը տեղեկանան, որ ընթերցողը զրկուած է Օշականի մեծարժէք գործը կարդալու հնարաւորութենէն, իսկոյն կը ստանձնեն անոր մեկենասութիւնը, եւ «Անգղին կտուցին տակ»-ը կը դառնայ հայութեան սեփականութիւնը:

Կազմակերպուած երեկոյին մասին խօսելով` Պօղոս Սնապեան ըսաւ, որ Զոհրապ Գըւըրեանին հետ միասին Հայաստան գտնուած հանգրուանին, Յակոբ Օշականին յիշատակին հաւաք մը կազմակերպուած էր «Հին Երեւան» ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ եղած են գրագէտներ, գրասէրներ ու քննադատներ, գրականութեան բարեկամներ: Զ. Գըւըրեան առիթով մը յայտնած էր, որ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած Օշականին նուիրուած երեկոյին պէս նախաձեռնութիւն մը պէտք է կատարել նաեւ Պէյրութի մէջ: Այդ առաջարկէն մեկնած` կայացած էր Օշականի նուիրուած երեկոն:

Օրուան սեղանապետ ընտրուեցաւ Զաքար Քէշիշեան, որ ուրախալի նկատեց այն իրողութիւնը, որ մշակոյթի համար ներդրում ունենալու գիտակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը տակաւին առկայ է ու ցայտուն է գրասէր որոշ անձերու մօտ, որոնց շարքին կը պատկանին Գըւըրեան եղբայրները:

Ապա ապրումով եւ հարազատ կերպով Յակոբ Օշականէն գրութիւն մը մատուցեց Յաւերժ Շխըրտմեանը:

Մեկենաս Զոհրապ Գըւըրեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց առիթ տրուեցաւ Յակոբ Օշականին գրական պատմութեան մէջ ներդրում ունենալու: Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերոջ` Զոհրապ Պալեանին, որ իրեն ու Պօղոս Սնապեանին միջեւ բարեկամութիւն հաստատած է:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Զոհրապ Պալեան, որ Զոհրապ Գըւըրեանը նկատեց աւելի քան ընկեր` անդրադառնալով անոր համեստ, ազնիւ բնաւորութեան, առատաձեռնութեան. ան յոյս յայտնեց, որ Զ. Գըւըրեան կը շարունակէ իր յիշատակելի աշխատանքները: Ապա խօսեցաւ իր ուսուցիչին` Պօղոս Սնապեանին մասին, որուն ազդեցութիւնը մեծ եղած էր իր կեանքին մէջ: Ան յիշեց, որ ինչպէ՛ս Սնապեան զինք կը մղէր գիրք կարդալու, գիրքը սիրելու, արժեւորելու: Հաւանաբար այս մղումին արգասիքն էր այն, որ երբ տարիներ ետք ինք իր ուսուցիչին կ’այցելէ, կը փափաքի, որ միջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնելով գիրքի մը լոյս ընծայումը ապահովէ իրեն: Զ. Պալեան դիտել տուաւ, որ իր ուսուցիչէն սորված է, որ կեանքի մէջ բոլորէն կարելի է բաժնուիլ, սակայն գիրքը յաւիտեան կը մնայ հաւատարիմ ընկեր:

Անկէ ետք Նարօտ Սուրճեան ասմունքեց  Համօ Սահեանի «Գարունդ հայերէն է գալիս» բանաստեղծութիւնը:

IMG_2733

Արեւմտեան հեռաւոր գաղութի մը մէջ ապրող Գըւըրեան եղբայրներուն իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ազգային ու մշակութային գործիչ Եսայի Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ առաջին ակնարկով զարմանալի կրնայ թուիլ, թէ Աւստրալիոյ մէջ ապրող հայորդի մը ինչպէ՛ս կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ Յակոբ Օշականով եւ անոր գործին հրատարակութեամբ: Սակայն այս մէկը կարելի է ընել միայն հաւատքով եւ այն ոգիով, որուն առջեւ միայն կարելի է խոնարհիլ, որովհետեւ այս ոգին է, որ ազգը կը պահէ: Եսայի Հաւաթեան նաեւ խօսեցաւ գիրքի զօրութեան, անմահութեան մասին` յիշելով, որ միջնադարուն զաւակ ունենալէ զրկուած հայորդիները հատոր մը նկարազարդել կու տային եւ զայն իբրեւ հոգեհարազատ կը նուիրէին իրենց ամէնէն մօտիկ վանքին: Եթէ մենք այսօր 20-25 հազար ձեռագիր ունինք, անոնց ամէնէն արժէքաւորները  այսպիսի ծնողներու որդեգիրներն էին, որոնք կը մնան, կը գոյատեւեն, ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմաց չեն ընկրկիր, հաստատեց Հաւաթեան:

Ապա խօսք առաւ նոյնպէս ազգային ու մշակութային գործիչ Յակոբ Այնթապլեան, որ հպարտութեամբ յիշեց Օշականի աշակերտներէն Մովսէս Այնթապլեանին աշակերտած ըլլալն ու անկէ հարուստ գիտելիքներ ամբարելը:

Ճեմարանի ուսուցչուհիներէն Սեդա Խտըշեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ երբեմն մարդիկ Յակոբ Օշականի գրականութիւնը դժուար կը նկատեն ու չեն շարունակեր կարդալ, շեշտելով, որ անիկա շատ խոր է, վերլուծումի եւ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, որպէսզի ընկալուի:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ հոգեկան գոհունակութիւն պատճառող առիթ է օշականեան այս հաւաքը` յոյս յայտնելով, որ անոնց թիւը աւելնայ ու մեր մշակութային, գրական, արուեստի ժառանգութիւնները  արժեւորուին եւ իրենց արժանի տեղը գտնեն մեր իրականութեան մէջ: Գեղամ սրբազանին համաձայն, Օշականի նուիրուած հաւաքի կայացման վայրը` Այնճարը այն միջավայրն է, ուր արժէքները, մշակոյթը, ժառանգութիւնը, ոգին շատ աւելի խտացեալ ձեւով կան ու կը պահպանուին: Խօսելով Սնապեանին ստեղծագործական ու մշակութային աշխատանքներուն մասին` Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ անոր ջանքերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ լոյսին բերել իւրայատուկ գործեր: Պատմութեան ընթացքին միշտ աշխատողին կողքին եղած են ու կան մեկենասները, որոնք յաւերժացուցած են թանկագին գործեր: Յարգանքս եւ գնահատանքս յայտնելով Սնապեանի անձին ու վաստակին, նաեւ կ’ուզեմ գնահատել Զոհրապները, մեր ժողովուրդի պարզ խաւի զաւակները, որոնք տնտեսական, ընկերային անձուկ պայմաններու բերումով իրենք ալ մանկութեան եւ պատանութեան շրջաններուն դժուար կեանք ունեցան, բայց այսօր իրենց ջանասիրութեամբ մեծցան ու հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն` ծառայեցին ազգին ու մարդկութեան:

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան իր խօսքին մէջ յիշեց «Համազգային»-ի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի յարկին տակ Պօղոս Սնապեանը իբրեւ դասախօս ունենալու նախօրեակին ուսանողներուն ապրած սպասումը, ակնածանքը` դիտել տալով, որ այդ հանգրուանէն ետք իւրաքանչիւր ուսանողի համար գրագէտը դարձաւ մտերիմ, որովհետեւ Պարոն Սնապեանը միայն ուսուցիչ չեղաւ, եղաւ նաեւ դաստիարակ, ընկեր, բարեկամ, հայր: Բայց իրմէ ստացած մեր ծով գիտելիքներուն մէջ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ սորվեցանք ուսուցիչի նկատմամբ սէր, յարգանք եւ հաւատարմութիւն տածել. Օշականի նկատմամբ Սնապեանին ունեցած յարգանքը, ակնածանքը, անոր մասին խօսած ատեն Սնապեանին ոճը, աչքերուն մէջ փայլող սէրը մեզի օրինակ էին, որ ուսուցիչը արժանի է յարգանքի եւ սիրոյ: Ն. Բարսեղեան յոյս յայտնեց, որ իրենք` Սնապեանին ուսանողները եւս նմանին անոր` դիտել տալով, որ ուսուցիչին նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեան այդ ճամբով է, որ Սնապեան մեծ աշխատանք կը տանի Յ. Օշականի գիրքերուն եւ գրականութեան շարունակութիւնը երաշխաւորելու: Խօսքը ուղղելով Զոհրապ Գըւըրեանի` Ն. Բարսեղեան յայտնեց, որ հարազատի մը զգացումը կ’ունենայ, երբ անոր հանդիպի, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ այդ անձն է, որ իր եղբօր հետ մեկենասութեան հանգամանքով մեծ աշխատանքներու մարմին տուաւ, ներդրում ունեցաւ գալիք սերունդներուն հոգին եւս հարստացնող արժէքներու ստեղծման մէջ:

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մեկենասութեան պատմականին` դիտել տալով, թէ նախապէս տարբեր տեսակ նկարագիր ունէր անիկա. հայ իշխանները, հարուստները իրենք կ՛ապսպրէին գիրքը, որ իրենց համար կը գրուէր, եւ ու իրենց գովասանքը կը կատարուէր: Այդ միտումով դրամ, միջոց կը տրամադրէին: Ճինպաշեան հաստատեց, որ այսօրուան մեկենասութիւնը բոլորովին ուրիշ պատկեր ունի. խնայողութիւն կատարելու համար մելանին ջուր խառնող Օշականին գրիչէն ծնունդ առած, եւ ապա Սնապեանի աչքին լոյսին արժանացած գիրքերը լոյս աշխարհ բերող մեկենասին նախաձեռնութիւնը բոլորովին ուրիշ նկարագիր ունի, որովհետեւ այսօր այդ մէկը ընողը գիրքի մը հրատարակութեան մէջ հաւանաբար նոյնքան քրտինք ունի որքան գրողը, յայտնեց Տ. Ճինպաշեան: Անոր համաձայն, ճիշդ է, որ մեկենասները սովորաբար նուազ կը յիշուին, սակայն անոնց շնորհիւ է, որ մենք այսօր գիրք, գրականութիւն եւ մշակոյթ ունինք:

Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան անդրադարձաւ հայու ճակատագիրին, անոր ապրած դաժան պայմաններուն, որոնք կարելի եղաւ շրջանցել, եւ այսօր Պուրճ Համուտի համեստ երիտասարդները` Գըւըրեան եղբայրները իշխանական գործ կ՛ընեն իրենց մեկենասութեամբ:

Աշոտ քահանայ Գարագաշեան Գըւըրեան եղբայրներուն նախաձեռնութիւնը նկատեց պատուաբեր քայլ մը, սրբազան, նուիրական պարտականութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոնք օրինակ կը ծառայեն ուրիշներուն:

Ապա «Ազդակ»-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պօղոս Սնապեանին:

Թամար Սնապեան-Սուրճեանի սուրճի գաւաթին երգով` «Ես գուշակ եմ մեր թաղին մէջ» եզրափակուեցաւ երեկոն:

Աւարտին խօսքը կարելի էր տալ միա՛յն Պօղոս Սնապեանին եւ հայ գիրքին մասին անոր կատարած խօսուն ու խորքային հաստատումին. «Հայերէն այբուբեն առաջին օրէն նշանակեց այսօր եւս կը նշանակէ հայ դպրոցը: Հայ դպրոց կը նշանակէ հայ գիրք: Հայ գիրք կը նշանակէ` հայոց աշխարհին մէջ թաւալած եղելութեանց յիշողութիւն»:

Եւ այս բոլորին հաւատալով է, որ կը գործէ ան եւ գիրքերու հրատարակութեան նպատակով ներուժ, աչքի լոյս կը սպառէ. ներկայ եւ գալիք սերունդներուն անունով շնորհակալութեամբ գլուխ խոնարհենք գրագէտ Պօղոս Սնապեանին` իր մեծ աշխատանքին համար:

Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք հայ գիրքին բովանդակութիւն, մարմին եւ կեանք տալու համար կը գործեն, յարգանք` բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան գիրի ու գիրքի ուժականութեան ու կարեւորութեան, յարգանք` բոլոր անոնց, որոնց համար մնայուն արժէքները վեր ու վեհ են ամէն բանէ:

Ն. Բ.

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up