Հայաստանի Պետական Սենեկային Երգչախումբը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Ֆրեզնոյի Մէջ

Ասպարէզ-Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբին համերգը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ յայտնի երգահան եւ յօրինող Ռոբերթ Ամիրխանեան։

0000Robert Amirkhanian

Ռոբերթ Ամիրխանեան

Ներկայացումը կազմակերպուած է համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին ու շրջանի Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին միացեալ ջանքերով:

Մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու մուտքը ազատ է:

Տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (559) 298-0445 թիւին։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:

Scroll Up