Տեղի Կ’ունենայ Ամերիկահայ Մանկագիր Ֆիրա Ակեանի Եռահատոր Ժողովածուի Շնորհանդէսը

Հոկտեմբեր 27-ին, ժամը` 16:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ (հասցէ` Աբովեան 2), տեղի կ’ունենայ ամերիկահայ մանկագիր, տիկնիկագործ, երգահան Ֆիրա Ակեանի «Կեանքի անուրջներով» հեքիաթներու եւ պատմուածքներու եռահատոր ժողովածուի շնորհանդէսը:
Սիրով կը հրաւիրենք Ձեզ ներկայ գտնուելու ձեռնարկին: