Արեւմտահայերէնի Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով՝ Նոյեմբեր 18-ին

ՖՐԵԶՆՕ.- Համահովանաւորութեամբ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին, Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, կէսօրուան ժամը 12-3, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Մերիըթ Ուարտմըն Փարք» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակին ու զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու լաւագոյն ձեւերուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով մը։

Նշենք, որ գիտաժողովէն անմիջապէս ետք, նոյն սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ներկայիս Ֆրեզնօ հաստատուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան տարեկան 44-րդ անդամական ժողովը։

Գիտաժողովի առաջին նիստը նուիրուած է Սփիւռքի մէջ հայերէնի դասաւանդման հարցերուն, եւ անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Անի Կարմիրեան, Սիլվիա Գասպարեան եւ Ճես Արլեն։

Երկրորդ նիստը նուիրուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու հարցին. անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Յակոբ Կիւլլիւճեան, Շուշան Կարապետեան եւ Էլիզապէթ Մխիթարեան։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը նաեւ երկու նիստեր կը հովանաւորէ նոյն պանդոկին մէջ, Նոյեմբեր 18-21-ին կայանալիք Միջին Արեւելքի ուսմանց ընկերակցութեան գիտաժողովին ընթացքին։

Նոյեմբեր 19-ին, առաւօտեան ժամը 8-10 կայանալիք նիստին, որ կը կրէ «1895-ի մեծ վախը» ընդհանուր խորագիրը, ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Օուըն Միլըր, Էմրէ Խան Տաղլիօղլու, Ումիթ Քիւրթ եւ Ուղուր Փեչէ։

Նոյեմբեր 21-ին, կ.ե. ժամը 1-3 կայանալիք նիստը յատկացուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարդասիրական ջանքերուն. անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Մելընի Դանիէլեան, Սթէյսի Ֆահրենթհոլտ, Ասիա Դարբինեան եւ Խաչիկ Մուրատեան։ Նիստին նախագահն է Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։

Հայագիտութեան առնչուող շարք մը այլ ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացուին Միջին Արեւելքի ուսմանց ընկերակցութեան գիտաժողովին ընթացքին, որուն ամբողջական յայտագիրին կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով

www.mesana.org/pdf/17-preliminary-program-10-12-17.pdf կայքէջը։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը, կամ դիմել

barlowd@csufresno.edu հասցէին։

Scroll Up