Լոյս Տեսաւ «Ծաղկեփունջ Հայ Մայրերուն» Գիրքը՝ Հեղինակութեամբ Քալիֆորնիահայ Աշակերտներու

«Ծաղկեփունջ Հայ Մայրերուն» հրատարակութիւնը ծրագրեց, խմ-բագրեց եւ դասաւորեց Համազգայինի Կլենտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղը, նշելու համար Հայ Մօր Տարին։ «Փափաքեցանք քաջալերել հայ պատանին, որ ան շարադրէ եւ հայերէն լեզուով արտայայէ իր սէրը իր մօր հանդէպ», ըսաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Պզտիկեան—Շիրաճեան եւ աւելցուց. «Շնորհակալ ենք մասնակցող բոլոր հայկական վարժարաններուն եւ ուսուցչուհիներուն, որոնք սիրայօժար մասնակցութիւն բերին այս աննախընթաց նախաձեռնութեան»։
Վեց հայկական վարժարաններէ՝ նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական, 168 աշակերտներ հեղինակեցին բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գրութիւններ՝ նուիրուած իրենց մայրերուն։

Մասնակցող վարժարաններն են «Ֆերահեան», «Մերտինեան», «Շամլեան», «Հայ Քոյրերու», «Յովսէփեան» եւ «Մեսրոպեան»։ Գրութիւններուն կ՛ընկերակցին հեղինակներու գունաւոր պատկերները։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է դիմել «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղին՝ հետեւեալ հասցէով.
htglendale@yahoo.com:

http://asbarez.com

Scroll Up