Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը Լաւագոյնը Ճանչցուած է Քալիֆոռնիոյ Փառատօնին

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Crows of the Desert» («Անապատի ագռաւները») վերնագրով ֆիլմը լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ ճանչցուած է Հոկտեմբեր 24-ին ամերիկեան Կլանտէյլ քաղաքին մէջ (Քալիֆորնիա) տեղի ունեցած միջազգային շարժանկար փառատօնի ընթացքին, կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը:

Ֆիլմը նկարահանուած է ամերիկաբնակ հայ գրող Լեւոն Փառիեանի գիրքի հիման վրայ: Գիրքին մէջ հեղինակը կը պատմէ իր պապին` Ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանեան զինուորներէն փախչելու եւ հազարաւոր հայեր փրկելու մասին:

Մէկ ժամ տեւող ֆիլմի բեմադրիչը ամերիկացի Մարթա Հուսքն է: Ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը կայացած է ԱՄՆ-ի մէջ, 2016-ին:

Scroll Up