Ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» Դիւցազնավէպի Թեմայով Հայկական Առաջին Ելեկտրոնային Յաւելուածը

«Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի (էպոս) պահպանման եւ հանրահռչակման նպատակով էպոսի թեմայով հայկական առաջին ելեկտրոնային յաւելուածը ստեղծուած է:
Անիկա իրականացուցած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Սասնայ տուն» հասարակութեան զարգացման աջակցման կենտրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ` «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» աւանդական հանրապետական փառատօնի ծրագրի ծիրէն ներս:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, յաւելուածը կարելի է ներբեռնել` օգտուելով Android բջիջային համակարգի Play market բաժինէն` գրելով«Սասունցի դաւիթ»` հայերէն կամ անգլերէն:
Յաւելուածի հիմնական բաժիններն են` ասմունք, զարգացման խաղեր (հարցեր էպոսի մասին եւ հարցեր էպոսէն), հանելուկ եւ ուիքիփետիայի «Սասունցի Դաւիթ», «Սասնայ ծռեր» շարժապատկերներու եւ Ժան Էլոյեանի ասմունքի յղումները: էպոսէն հարցումներուն ճիշդ պատասխանելու նպատակով յաւելուածին մէջ առկայ է նաեւ ելեկտրոնային գիրք, ուր կը ներկայացուին էպոսի` պատասխաններուն առնչուող հատուածները:
Իսկ iOS բջջիջային համակարգին համար յաւելուածը հասանելի պիտի ըլլայ կը քանի մը ամիսէն:
Յաւելուածի ստեղծումը կարեւոր է, որպէսզի նոր սերունդը տեղեակ ըլլայ ազգային, աւանդական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն եւ հայրենասիրական ոգիով մեծնայ։