Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Անդամները

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները` ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը, ՌԴ կառավարութեան նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւը, Խրխզիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սապար Իսաքովը, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Անտրէյ Քոպեաքովը, Ղազախիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պաքիթժան Սագինթաեւը, որոնք Երեւանի մէջ կը մասնակցին Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, կը յայտնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան ու մամուլի միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է խորհուրդի անդամ երկիրներու վարչապետները եւ վստահութիւն յայտնած, որ Երեւանի մէջ այսօր կայանալիք միջկառավարական խորհուրդի նիստը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայէ եւրասիական ամբողջականացումը առաջ մղելուն, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ երկու շաբաթ առաջ ԵԱՏՄ հերթական գագաթնաժողովին բարձր մակարդակով ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման: Սարգսեան կարեւոր համարած է խորհուրդի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած աշխոյժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:

Ընդգծելով, որ ծանօթ է երեւանեան նիստի օրակարգին, ան, ի թիւս քննարկման ներկայացուած շարք մը հարցերու, նշած է յատկապէս տեխնիկական արգելքներու վերացման հարցը, որ, Հանրապետութեան նախագահին համոզումով, կը խոչընդոտոէ ընդհանուր շուկայի մէջ ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժին, ինչ որ բացասաբար կ՛անդրադառնայ ամբողջական գործընթացներէն սպասուող արդիւնքի վրայ: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ ինչպէս այդ, այնպէս ալ օրակարգին վրայ ներառուած միւս արդիական հարցերը համատեղ քննարկումներու արդիւնքով լուծումներ պիտի գտնեն եւ նիստի աշխատանքին մաղթած է յաջողութիւն:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ խորհուրդի նիստի աշխատանքները արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած հրաշալի պայմաններուի համար եւ նշած, որ տրամադրուած են հանգամանօրէն քննարկելու օրակարգին վրայ ներառուած` մասնակից երկիրներու համար արդիական բոլոր հարցերը, համատեղ լուծումներ գտնելու, շարժելու առաջ՝ իրականացնելու այն որոշումները, որոնք կ՛ընդունուին ԵԱՏՄ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովներու ընթացքին:

Scroll Up