Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հովուապետական Այցով Մեկնեցաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմ

Հոկտեմբեր 25-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի հաստատման 90-ամեակին առիթով հովուապետական այցով մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` հրաւէրով թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ թեմական խորհուրդի:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն, այցի ընթացքին Նորին Սրբութեան պիտի ուղեկցին Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Հայրապետի գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Աղան աբեղայ Երնջակեան, Կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Արժանապատիւ Տ. Ադամ քահանայ Մակարեան եւ Մայր Աթոռի բարերար տիար Գաբրիէլ Չեմբերճեան:
Այս օրերուն Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ թեմի 90-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ, այցելութիւններ կը կատարէ Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներ, առաջնորդարանին մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ թեմի երիտասարդներու, հայկական վարժարաններու սաներու եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտներու հետ:
Հոկտեմբեր 29-ին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ կը մատուցէ Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ տաճարին մէջ, որուն աւարտին Նորին Սրբութեան գահակալութեան 18-րդ տարեդարձին առիթով կը կատարուի Հայրապետական մաղթանք:
Այցի ծիրէն ներս, հոկտեմբեր 30-ին, Վեհափառ Հայրապետը մէկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Մեքսիքայի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում կ’ունենայ հայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի Մեքսիքոյի Մայր Տաճարին մէջ միջեկեղեցական յատուկ արարողութեան` ի յիշատակ երկրաշարժի զոհերուն:
ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ նոյեմբեր 1- 3 տեղի կ’ունենայ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը: