Բազմազաւակ 6 Ընտանիքներ Յառաջիկային Նոր Բնակարաններ Պիտի Ստանան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող բազմազաւակ ընտանիքներու համար կը շարունակուի նոր բնակարաններու կառուցման ծրագիրը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի ղեկավար Վալերի Ղազարեան ըսած է, որ այս տարուան մէջ բազմազաւակ ընտանիքներու համար կառուցուող բնակարաններէն 3-ը արդէն շահագործման յանձնուած են:

«Մօտ օրերս եւս 6 բնակարան պիտի յանձնուին իրենց նոր տէրերուն, իսկ 10 առանձնատան շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Ատոնց մէկ մասը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել մինչեւ տարեվերջ»,- ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ, քանի որ շատ կարեւոր է բազմազաւակ ընտանիքներուն օժանդակելը:

Scroll Up